Ոսկրածուծը հիւսուածք մըն է, որ մեր մարմնի ոսկրային խոռոչները կը լեցնէ։ Ան արիւն արտադրող կամ արիւնաստեղծ հիմնական օրկանն է. անոր մէջ կ’արտադրուին արեան կարմիր բջիջները (rbc), սպիտակ բջիջները (wbc) եւ թիթեղիկները (platelets), որոնք բոլորը կը զարգանան ոսկրածուծի արիւնաստեղծ ցօղունային բջիջներէ (stem cells)։ Այս ցօղունային բջիջները ընդհանրապէս կ’ապրին ոսկրածուծին մէջ, բայց անոնցմէ պզտիկ մաս մը ձգելով ոսկրածուծը, կը մտնէ արեան շրջագայութեան մէջ։ Բնական պայմաններու մէջ ոսկրածուծը շարունակ կ’արտադրէ որոշ քանակութեամբ արեան ամէն տեսակի տարրերը. արիւնահոսութեան պարագային ոսկրածուծի արիւնաստեղծման աշխատանքը զգալիօրէն կ’արագանայ՝ վերականգնելու համար արեան կորսուած բջիջներու քանակը։
Մարդկային ոսկրածուծը կը ձեւաւորուի սաղմնային կեանքի 7-8րդ շաբաթներուն եւ կը սկսի գործել ներարգանդային կեանքի 4րդ ամսուն։ Ան շատ զգայուն է որոշ ներգործութիւններու, ինչպէս՝ շողարձակումի, «ք» ճառաքայթներու, կարգ մը դեղերու եւ քիմիական նիւթերու։
Ոսկրածուծի փոխպատուաստումը իրաւացի եւ պատշաճ դարմանումի միջոց մըն է միայն, երբ հիւանդի մը ոսկրածուծը հիւանդագին է եւ կամ հիւանդին ոսկրածուծը ենթակայ է ծանրակշիռ վատ հետեւանքներու այլ հիւանդութեան մը դարմանումի պատճառով։ Անցեալին ան կը կատարուէր որոշ հիւանդութիւններու վատթարագոյն ժամանակաշրջանին, սակայն այսօր ան կը կատարուի այս հիւանդութիւններու սկզբնաւորութեան՝ ստանալու համար առաւելագոյն լաւ արդիւնք։ Ան ծախսալից դարմանումի միջոց մըն է եւ կը կատարուի հետեւեալ հիւանդութիւններու պարագային՝
1.- Ոսկրածուծի ծինային դիմադրողականութեան նուազումի հիւանդութիւններ (genetic bone marrow immunity deficiency diseases), ուր ոսկրածուծը ի ծնէ (congenital) կ’ըլլայ անբնական եւ կը գործէ անբնական։ Այս հիւանդութիւնները կը դարմանուին նախ հարուածելով եւ բնաջնջելով հիւանդին անբնական ոսկրածուծը որոշ դեղերով եւ ապա կատարելով ոսկրածուծի փոխպատուաստում, այսինքն փոխարինելով անբնական ոսկրածուծը բնական ոսկրածուծով։
2.- Ափլասթիք սակաւարիւնութիւն (aplastic anemia), ուր տեղի կ’ունենայ ոսկրածուծի քանակական նուազում եւ ոսկրածուծի արտադրողականութեան ամբողջական նուազում. որպէս հետեւանք արեան բոլոր տեսակի բջիջները կը նուազին եւ ոսկրածուծը կը փոխարկուի ճարպով։ Այս հիւանդութիւնը կը սկսի ընդհանրապէս ծածուկ, առանց որեւէ ազդանշանի եւ կը յառաջանայ դանդաղօրէն։ Ախտաճանաչումը կը կատարուի ոսկրածուծի եւ արեան յատուկ քննութիւններով։ Անոր ախտանշաններն են՝ տժգունութիւն, յոգնածութիւն, հիւծում, տկարութիւն, արիւնահոսում եւ անարիւնութիւն. լեարդը եւ փայծաղը չեն ծաւալիր եւ կը մնան բնական չափով։ Ախտապատճառները կրնան ըլլալ՝ քիմիական եւ ֆիզիքական նիւթեր, կարգ մը մանրէասպան դեղեր, ինչպէս նաեւ հակախլիրդային դեղեր եւ շողարձակում, որոնք կը ճնշեն ոսկրածուծի արտադրողականութեան եւ կը նուազեցնեն ոսկրածուծի ու արեան բոլոր տեսակի բջիջներու քանակը։ Յաճախ կարելի չ’ըլլար գտնել այս հիւանդութեան բուն ախտապատճառը։ Ափլասթիք անարիւնութիւնը կը դարմանուի այսօր՝ փոխարինելով պակասաւոր ոսկրածուծը բնական ոսկրածուծով, այսինքն կատարելով ոսկրածուծի փոխպատուաստում։
3.- Արեան չարաղէտ, վտանգաւոր (malignant) հիւանդութիւններ՝ ի մասնաւորի սպիտակարիւնութիւն (leukemia)։
Սպիտակարիւնութեան բոլոր տեսակները կը յառաջանան ոսկրածուծի արիւնաստեղծ ցօղունային սպիտակ բջիջներու անբնական բազմացումով եւ անբնական սպիտակ բջիջներու յայտնաբերումով, որոնք կը կոչուին «լիւքիմիք բջիջներ» (leukimic cells). անոնք կը սահմանափակեն ոսկրածուծի բնական արիւնաստեղծումը եւ կը փոխարինեն ոսկրածուծի բնական բջիջները։ Այս անբնական բջիջները կը լքեն ոսկրածուծը եւ կը մտնեն արեան շրջագայութեան մէջ, ապա կը կեդրոնանան փայծաղի, աւշագեղձերու, լեարդի եւ մարմնի զանազան օրկաններու մէջ։
Սպիտակարիւնութեան ախտապատճառը ընդհանրապէս կարելի չէ գիտնալ. սակայն շատ մը ազդակներ նկատուած են կարելի ախտապատճառներ. ասոնցմէ կարելի է յիշել՝ ծինային անբնական կազմաւորում, միջավայրային փոփոխութիւններ եւ ազդեցութիւններ, ինչպէս՝ կարգ մը քիմիական նիւթեր, շողարձակում, հակախլիրդային դեղեր եւ որոշ ժահրեր (viruses)։ Ան փոխանցիկ հիւանդութիւն մը չէ եւ կը պատահի աւելի տղամարդոց մօտ։ Ան կրնայ ըլլալ սուր-կարճատեւ եւ կամ մնայուն-երկարատեւ։ Անչափահասներու եւ երիտասարդներու մօտ ընդհանրացած տեսակը սուր-կարճատեւ սպիտակարիւնութիւնն է, որ կը սկսի անակնկալօրէն եւ սուր. հիւանդներուն մեծամասնութիւնը կ’ապրի ախտաճանաչումէն ետք 4-6 ամիսներ, երբ տեղի չեն ունենար արդի դարմանումի միջոցառումները. իսկ տարեցներու մօտ ան կ’ունենայ մնայուն-երկարատեւ ընթացք, որ կը սկսի ծածուկ եւ կը յառաջանայ շրջան մը շատ դանդաղ, առանց որեւէ մէկ ախտանշանի. հիւանդները ախտաճանաչումէն ետք կ’ապրին 2-10 տարիներ առանց արդի դարմանումի միջոցառումներու։ Սպիտակարիւնութեան ախտաճանաչումը տեղի կ’ունենայ հիմնականօրէն արեան, ոսկրածուծի եւ աւշագեղձերու յատուկ քննութիւններով, ուր կը յայտնաբերուին անբնական սպիտակ բջիջներու անբնական թուային աճ եւ զանազան անբնական երեւոյթներ, ինչպէս նաեւ անարիւնութիւն եւ արեան թիթեղիկներու նուազում։ Ընդհանրացած ախտանշանները հետեւեալներն են՝ անարիւնութիւն, յոգնածութիւն, հիւծում, սրտի արագ տրոփում, շնչարգելութիւն, փայծաղի եւ լեարդի ծաւալում, ախորժակի նուազում, ջերմութիւն, աւշագեղձերու անբնական յայտնաբերում եւ ծաւալում, կրծոսկրի ցաւ, մորթային կապուտակ բշտիկներ, ոսկրային ցաւ եւ կոտրուածք, արիւնամիզութիւն, խլութիւն եւ տեսողական խանգարումներ։
Սպիտակարիւնութիւնը անցեալին հիմնական բուժում չունէր. զանազան միջոցառումներով, ինչպէս՝ շողարձակում, հակախլիրդային դեղեր, արեան փոխներարկում, սննդարար կերակուրներ եւ մարմնական-ֆիզիքական հանգիստ, կ’երկարաձգուէր հիւանդին կեանքը որոշ շրջան մը եւ կը նուազէր հիւանդին ցաւը. սակայն այսօր ոսկրածուծի փոխպատուաստումով, ուր նախ ոսկրածուծի բոլոր չարաղէտ բջիջները ամբողջութեամբ կը բնաջնջուին շողարձակումով եւ կամ որոշ հակախլիրդային դեղերով, կը կատարուի այս հիւանդներուն դարմանումը։ Բարեբախտաբար այս հիւանդները, շնորհիւ ոսկրածուծի փոխպատուաստումի, կ’ապրին շատ աւելի երկար եւ կ’ունենան ընդունելի հանգստաւէտ կեանք. անոնց մեծամասնութիւնը կը գործէ, կ’աշխատի եւ կը դառնայ արտադրող անհատ ընկերութեան մէջ, ինչպէս նաեւ կ’ունենայ առողջ ընտանեկան եւ ընկերային կեանք։
4.- Հօճքընսի հիւանդութիւն (Hodjkens disease):
Այս հիւանդութիւնը չարաղէտ հիւանդութիւն մըն է, որ կը յատկանշուի աւշագեղձերու անբնական յայտնաբերումով մարմնի զանազան մասերուն մէջ, ի մասնաւորի՝ վիզի, կրծքավանդակի, թոքերու, լեարդի, ոսկորներու, ողնածուծի եւ ուղեղի մէջ, ինչպէս նաեւ արեան սպիտակ բջիջներու բազմացումով ու անարիւնութեամբ։ Հօճքընսի հիւանդութեան սկզբնաւորութեան հիւանդը ոչ մէկ գանգատ կ’ունենայ. հիւանդութիւնը ընդհանրապէս կը յառաջանայ ծածուկ եւ դանդաղ, բայց երբեմն շատ արագ եւ քանդիչ ձեւով։ Ախտանշանները կ’ըլլան՝ չափազաց քերվտուք, ջերմութիւն, գիշերային քրտինք, հիւծում, յոգնածութիւն, ոսկրային ցաւ եւ կոտրուածք, խռպոտութիւն, մասնակի կամ ամբողջական միակողմանի եւ կամ երկկողմանի անդամալուծութիւն, դեղնութիւն, շնչարգելութիւն, թոքային հիւանդութիւններ, դիմադրողականութեան նուազում (immunity deficiency) եւ մահացու բորբոքումներ։ Հօճքընսի հիւանդութիւնը անցեալին կը դարմանուէր մասնակիօրէն հակախլիրդային դեղերով եւ շողարձակումով։ Այսօր ոսկրածուծի փոխպատուաստումը լաւագոյն ձեւն է դարմանելու այս հիւանդութիւնը այլ միջոցառումներու կողքին։
Ոսկրածուծի փոխպատուաստումը կ’ըլլայ ոսկրածուծի տուչութեամբ (donation). ան կը կարօտի առողջ եւ ազնիւ անհատի մը, որ սիրայօժար կը տրամադրէ, կու տայ, կը նուիրէ (donate) իր ոսկրածուծէն մաս մը որոշ հիւանդի մը, որ կ’ըլլայ ստացողը կամ ընդունողը (recipient)։
Ոսկրածուծի նուիրատուն պէտք է ըլլայ առողջ եւ զերծ որեւէ հիւանդութենէ. նուիրատուն եւ ստացողը ունենալու են ոսկրածուծի բջիջային նմանութիւն (matcing) եւ գոյակցութիւն-համատեղելիութիւն (compatibility)։ Արեան ոչ-գոյակցութիւնը(blood incompatibility) արգելք մը չէ ոսկրածուծի փոխպատուաստումին։ Նուիրատուն ոչ մէկ բարդութիւն կ’ունենայ իր ոսկրածուծը տալու միջոցին։ Ոսկրածուծը կ’առնուի նուիրատուին զիստի ոսկորի (iliac bone) գագաթէն ընդհանուր զգայազրկումի կիրարկումով։ Զիստի ոսկորէն կ’արտահանուի որոշ քանակութեամբ արիւնախառն ոսկրածուծ, որ կը պատուաստուի հիւանդին ներերակային ներարկումով (transfusion) կարգ մը դեղերու հետ միասին:
Ոսկրածուծի փոխպատուաստումը բժշկականօրէն դժուար միջոցառում մը չէ. նուէր ոսկրածուծը եւ կամ ոսկրածուծի նորաստեղծ ցօղունային բջիջները (stem cells) կը պատուաստուին ստացող հիւանդին ներերակային ներարկումով։ Փոխպատուաստումէն առաջ չափահաս հիւանդը ընդհանրապէս որոշ ընդունելի դիմադրողականութիւն կ’ունենայ եւ կրնայ մերժել պատուաստը. որպէսզի այս մէկը տեղի չունենայ եւ յաջողի փոխպատուաստումը, հարկ է, որ նուազի հիւանդին դիմադրողականութիւնը. ասիկա կ’իրականանայ որոշ դեղերու գործածութեամբ եւ կամ շողարձակումով փոխպատուաստումէն 1-2 շաբաթ առաջ։ Այս ժամանակամիջոցին հիւանդը յաճախ կ’ունենայ նորայայտ սակաւարիւնութիւն, զանազան բորբոքումներ, գլխապտոյտ եւ փսխունք. հարկադրաբար հիւանդին կը տրուին բորբոքումի դէմ դեղեր, խտացած արեան կարմիր բջիջներ եւ արեան թիթեղիկներ (platelets): Անչափահասներու եւ մանուկներու պարագային ընդհանրապէս այս միջոցառումը չի կիրարկուիր, որովհետեւ անոնց դիմադրողականութիւնը արդէն բաւականաչափ նուազած վիճակի մէջ կ’ըլլայ։
Ոսկրածուծի փոխպատուաստումի յաջողութիւնը կը փաստուի հիւանդին արեան ամէն տեսակ բջիջներու եւ թիթեղիկներու թուային բարձրացումով եւ ոսկրածուծի արիւնաստեղծ նոր բջիջներու յայտնաբերումով։ Բոլոր հիւանդները փոխպատուաստումէ ետք տարիներով կը ստանան որոշ դեղեր։
Ոսկրածուծի փոխպատուաստ ստացող հիւանդը կրնայ ունենալ որոշ բարդութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝ պատուաստի մերժում, զանազան տեսակի բորբոքումներ, լեարդային հիւանդութիւն, արիւնահոսում, սպիտակարիւնութեան վերանորոգում եւ ուղեղային հիւանդութիւններ։
Աշխարհի բոլոր տարածքին գոյութիւն ունին ոսկրածուծի փոխպատուաստումի նուիրտուներու գրանցամատեանները (registry), սակայն հայեր ներկայութիւն չեն ընդհարապէս այդ արձանագրութիւններու մէջ։
Հայ հիւանդի ոսկրածուծի փոխպատուաստումը կը յաջողի առաւելաբար հայ նուիրատուի մը ոսկրածուծով։ Հայերս ունինք բացառիկ ծինային կազմաւորում եւ իւրայատուկ ժառանգական բաղադրութիւն, շնորհիւ համեմատաբար նուազ խառն ամուսնութիւններու, ու այս պատճառաւ աւելի մեծ կարելիութիւն կայ գտնելու ոսկրածուծի նմանութիւն եւ գոյակցութիւն-համատեղելիութիւն հայ անհատներու միջեւ։ Ժամանակն է, որ մենք՝ հայերս, ունենանք մեր ոսկրածուծի նուիրատուներու գրանցամատեանը, որպէսզի կարողանանք արագօրէն օգնութեան հասնիլ որեւէ հայ հիւանդի եւ փրկենք անոր կեանքը ու շնորհենք անոր ապրելու իրաւունքը։ Այս աշխատանքը ազգային պարտականութիւն է եւ առաջնահերթութիւն է։ Արդէն հաստատուած է «Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու գրանցամատեան»ը (Armenian Bone Marrow Doner Registry), որ արդիւնքն է անմիջական պէտքի եւ խելացի մտածողութեան։