ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Երկօրեայ այցով Նոյեմբեր 8-9ին Հայաստան կ’այցելէ Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթրաս Վայտիեքունասի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Այցի ընթացքին ծրագրուած են Լիթուանիոյ ԱԳ նախարարի հանդիպումները նախագահ Քոչարեանին, վարչապետ Սարգսեանին, ԱԺ նախագահ Թորոսեանին, Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, նախարար Օսկանեանին, ԱԺ եւրոհամարկման հարցերու յանձնաժողովի նախագահին հետ:
Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարարի պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Եղեռնի յուշահամալիր, ուր յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, պիտի մեկնի նաեւ Վանաձոր՝ մասնակցելու Լոռիի համայնքի հիմնադրամի բացման արարողութեան:
Նոյեմբերի 8ին Լիթուանիոյ եւ Հայաստանի ԱԳ նախարարներու հանդիպումէն յետոյ կողմերը պիտի ստորագրեն Հայաստանի եւ Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ եւրոհամարկման հարցերով գործակցութեան յուշագիրը: Այնուհետեւ ԱԳ նախարարները պիտի ունենան մամուլի միացեալ ասուլիս: