ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստան բարձրորակ սերմացուներով ապահովուած չէ, եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կը կատարէ: Այս մասին Նոյեմբեր 8ի ասուլիսի ընթացքին յայտնեց նախարարութեան բուսաբուծութեան զարգացման եւ բոյսերու պաշտպանութեան վարչութեան պետ Գառնիկ Պետրոսեան եւ նշեց, որ այս տարի նախահիմնային եւ հիմնային սերմերու արտադրութեամբ զբաղող տնտեսութիւնները ստացած են մօտ 36 միլիոն դրամի (մօտ 107 հազար տոլար) չափով վճարներ:
2008ին այդ ծաւալը պիտի աւելնայ, եւ ծրագիրի ընդհանուր արժէքը տարեկան պիտի կազմէ մօտ 105 միլիոն դրամ: Ծրագիրի իրականացման աւարտին՝ 2011ին, Հայաստան ամբողջութեամբ կ’ապահովուի հացահատիկային բարձրորակ սերմացուներով:
Նշուեցաւ նաեւ, որ նոյն ծրագիրով այս տարի ներածուած է 60 թոն աշնանացան ցորենի ամենաբարձր որակի եւ 15 թոն գարնանացան գարիի սերմացու: