ՀՌՈՄ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 8ին, Իտալիոյ մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմական խարիսխէ մը ճամբայ ելած «Պլէք հոք» տիպի ուղղաթիռ մը ջախջախուեցաւ հիւսիսային Իտալիոյ մէջ, որու հետեւանքով մահացան առնուազն չորս ամերիկացի զինուորներ, իսկ վեց ուրիշներ վիրաւորուեցան: Իտալական աղբիւրներու համաձայն, զոհերուն թիւը հինգ է:
Ցարդ կարելի չէ եղած արկածին պատճառը բացայայտել:
Նկարին մէջ, զոհերէն մէկուն դիակը կը հեռացուի արկածին վայրէն: