ԱՆԳԱՐԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 8ին, մինչ Թուրքիոյ միակ քրտական քաղաքական կուսակցութեան՝ Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութեան կողմէ կոչ կ’ըլլար քրտական տագնապը խաղաղ միջոցներով լուծելու, Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Մեհմէտ Ալի Շահին ազդարարեց, թէ իշխանութիւնները պիտի պարտադրուին «հարկաւոր քայլերու դիմելու» կուսակցութեան դէմ, եթէ կուսակցութիւնը յստակօրէն իր կապերը չխզէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ:
Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ 20 աթոռ ապահոված Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութիւնը կը պնդէ, թէ ոչ մէկ կապ ունի անջատողականներուն հետ, սակայն միաժամանակ կը մերժէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը «ահաբեկչական» որակել:
Քրտական կուսակցութենէն երեք երեսփոխաններ մասնակցած էին Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան կողմէ ձերբակալուած ու հիւսիսային Իրաք տարուած ութ թուրք զինուորներուն ազատ արձակումը ապահովելու աշխատանքներուն, սակայն Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտալլա Օչալանի լուսանկարին առջեւ քիւրտ յեղափոխականներու հետ անոնց ձեռնուիլը զայրոյթ պատճառած է Թուրքիոյ մէջ:
Կուսակցութեան ղեկավարներէն Նուրէտտին Տեմիրթաշ ցաւ յայտնեց, որ քրտական տագնապը խաղաղ միջոցներով լուծելու իր կուսակցութեան փորձերը դէմ կու գան «անհաւատալի անհանդուրժողութեան»: