ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ խորհրդարանը, Տուման, Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 7ին, համաձայն գտնուեցաւ Եւրոպայի հետ իր սահմաններուն վրայ աւանդական զօրքերու տեղակայումը սահմանափակող դաշնագրին գործադրութիւնը սառեցնելու Մոսկուայի իշխանութեանց որոշումին:
Ռուսական Տուման միաձայնութեամբ վաւերացուց 1990ին կնքուած Եւրոպայի մէջ աւանդական զօրքերու դաշնագիրը ժամանակաւորապէս առկախելու որոշումը։ Բանաձեւը, որուն նեցուկ կը կանգնի նախագահ Վլատիմիր Փութին, ի զօրու պիտի ըլլայ Դեկտեմբեր 12էն սկսեալ:
Անտեսելով նման քայլ մը չառնելու Ուաշինկթընի կոչերը, Ռուսիոյ խորհրդարանը բանաձեւը վաւերացուցած է 418 թեր եւ ոչ մէկ դէմ քուէներով։ Բանաձեւը կը նշէ, որ Եւրոպայի մէջ աւանդական զօրքերու դաշնագիրը, ՆԱԹՕի ընդարձակման լոյսին տակ եւ Եւրոպայի մէջ այլ ազդակներու պատճառով, «այսուհետեւ չի համապատասխաներ Ռուսիոյ շահերուն»։ Քուէարկութիւնը այսպիսով վաւերացուց Յուլիսին նախագահ Փութինի կողմէ ստորագրուած հրամանագիրը։
Դաշինքը Պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանի զէնքերու սահմանափակման կարեւորագոյն համաձայնութիւններէն մէկն է։ Ան խիստ կերպով կը սահմանափակէր Վարշաւիոյ եւ ՆԱԹՕի ուխտերուն անդամ երկիրներուն կողմէ Եւրոպայի մէջ տեղակայուած հրասայլերուն, պատերազմական օդանաւերուն եւ ծանր հրետանիին թիւը։
Խորհրդային Միութեան քայքայումէն ետք եւ ռուսական մտահոգութիւնները մասամբ փարատելու համար, 1999 թուականին դաշնագիրը վերատեսութեան ենթարկուեցաւ։ Ռուսիա վաւերացուց վերատեսութեան ենթարկուած դաշնագիրը, սակայն ցարդ ՆԱԹՕ չէ վաւերացուցած զայն:
ՆԱԹՕի երկիրները դաշնագիրը վաւերացնելէ առաջ Ռուսիայէն կը պահանջեն Վրաստանէն եւ Մոլտովայէն հեռացնել իր ուժերը, սակայն Մոսկուա կ՚ըսէ, թէ այդ հարցերը առնչակից չեն իրարու։ Քրեմլին նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է Լեհաստանի եւ Չեխիոյ մէջ հակահրթիռային համակարգ մը զետեղելու Միացեալ Նահանգներու ծրագիրին առնչութեամբ։