ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լրագրողներ առանց սահմանի միջազգային կազմակերպութիւնը Նոյեմբեր 7ին Թուրքիոյ կոչ ուղղեց, որ «խօսքէն անցնի գործի» եւ ջնջէ երկրի քրէական օրէնքի 301րդ յօդուածը, որ դատական հետապնդումը կ’ենթարկէ բոլոր անոնք, որոնք «կը վիրաւորեն թրքական ինքնութիւնը» եւ դրական կը խօսին հայկական Ցեղասպանութեան մասին:
Կազմակերպութիւնը յայտարարեց, որ երկու տարիէ ի վեր, թուրք լրագրողներու եւ մամլոյ շրջանակներու հետ միասնաբար, կոչ կ’ուղղուի թրքական իշխանութիւններուն, որպէսզի փոխեն օրէնքի այս յօդուածը: «Չենք կրնար մոռնալ, որ թրքական իշխանութիւնները 301րդ յօդուածը օգտագործած են իբրեւ ահաւոր ճնշամիջոց: Այդ յօդուածը թրքական օրինապահ մարմիններուն մօտ թափ կու տայ ազգայնամոլական զգացումներու», ըսուած է կազմակերպութեան կողմէ:
Նոյեմբեր 6ին, Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Մեհմէտ Ալի Շահին յայտարարած էր, թէ կառավարութիւնը որոշած է բարեփոխել 301րդ յօդուածը: Ան աւելցուցած էր, որ կառավարութիւնը «առաջին իսկ առիթով» պիտի քննէ այս ուղղութեամբ քաղաքացիական իրաւունքներու հարցերով զբաղող կազմակերպութիւններէ եկած առաջարկները եւ իր եզրակացութիւնները փոխանցէ խորհրդարանին:
Թուրքիոյ նախագահ Ապտալլա Կիւլ Նոյեմբեր 3ին Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին յայտարարած էր, թէ ինք կողմնակից է 301րդ յօդուածի «բարեփոխութեան»:
Փաստօրէն, դիտել կու տան դէտեր, թրքական այս յայտարարութիւնները մնացած են միայն խօսքի սահմաններուն մէջ: