ԵՐԵՒԱՆ, Հանրային Ձայնասփիւռ.- Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան, 2008ին Հայաստանի մէջ ՆԱԹՕի Համագործակցութիւն յանուն խաղաղութեան ծրագիրի շրջանակներով տեղի պիտի ունենան Cooperative Longbowl/Lancer 08 կոչուած հրամանատարա-սպայակոյտային եւ դաշտային ռազմափորձեր:
Հայաստանի մէջ ՆԱԹՕի գրասենեակէն յայտնեցին, որ Cooperative Longbowl/Lancer 08 ռազմափորձերու ծրագրաւորման առաջին համաժողովը Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ այս տարուան Դեկտեմբերին: