Բայց ինչո՞ւ է «լռում», երբ Թուրքիոյ վարչապետը օր ցերեկով եւ հրապարակաւ ամէնէն աժաննոց սուտերը կը խօսի եւ յերիւրանքներ կ’ուղղէ պաշտօնական Հայաստանի հասցէին:
Հաղորդած էինք, թէ Երկուշաբթի օր, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, National Press Club-էն ներս իր ելոյթին ընթացքին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած էր, թէ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին «այսպէս կոչուած» ցեղասպանութեան մասին ճշմարտութիւնը երեւան բերելու նպատակով, ինք 2005ին նամակով մը առաջարկ յղած է Հայաստանի նախագահին, սակայն մինչեւ օրս պատասխան չէ ստացած:
Իրականութիւնը այն է սակայն, որ Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան պատասխանա՛ծ էր այդ նամակին, իր կարգին նաեւ առաջարկելով կառավարական մակարդակի յանձնախումբ մը կազմել, քննելու համար երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող քաղաքական հարցերը:
Զարմանալի չէ անշուշտ Էրտողանի վերաբերումը, որ աւանդական ու բարացուցական եղած է Անգարայի համար: Սակայն նոյնքան եւ աւելի զարմանալի է պաշտօնական Երեւանի լռութիւնը:
Էրտողանի նշեալ յայտարարութեան պահուն, ճիշդ է, Հայաստանի նախագահը կը գտնուէր Հելսինքի, պաշտօնական այցելութեամբ: Սակայն այդ մէկը չարդարացներ իր գրասենեակին լռութիւնը, երբ Էրտողան բացէ ի բաց կը ստէ Հայաստանի հասցէին:
Նայեցէք, եւրոպացի դիւանագէտ Թերի Տէյվիս նոյն օրերուն կը գտնուէր Հայաստան եւ անընդունելի յայտարարութիւններ կատարեց Արցախի հասցէին, զայն «անջատողական» կոչելով: Սակայն չուշացաւ պաշտօնական Ստեփանակերտի հակազդեցութիւն-պատասխանը, խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ:
Մեր կարծիքով, պաշտօնական Երեւանը թերացած է Էրտողանի հարցով: Ան պէտք էր շատ արագօրէն յստակացնէր միջազգային հանրային կարծիքին՝ անհրաժեշտ տուեալները անգամ մը եւս յիշեցնելով, որովհետեւ ոչ միայն ժողովուրդներու, այլեւ երբեմն քաղաքական մեկնաբաններու կամ քաղաքականութիւն մշակողներու յիշողութիւններն ալ շատ կարճ կ’ըլլան: National Press Club-ին մէջ նստածներէն, կամ C-Span կայանը դիտողներէն քանի՞ հոգի առիթը ունեցաւ էրտողանի, կամ ներկաներուն «յիշեցնելու», որ ո՛չ, անպատասխան չէ մնացած իր նամակը:
Բայց Երեւան ցարդ լուռ կը մնայ եւ ա՛յս է անընդունելին: