ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» հիմնադրամ-ծրագիրը Նոյեմբեր 9ին պաշտօնապէս յայտարարեց Հայաստանի մէջ ճանապարհաշինարարական աշխատանքներու սկսիլը:
Աշխատանքներու սկզբնակէտին՝ Արագածոտնի մարզի Գետափ գիւղի մօտ, վարչապետ Սերժ Սարգսեան «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ»ու գլխաւոր գործադիր տնօրէնի տեղակալ Տարիուս Մանս պաշտօնապէս բացումը կատարեցին ճանապարհային ցուցատախտակին:
Առաջին ճանապարհահատուածը, որ պիտի վերանորոգուի եւ բարեկարգուի այս ծրագիրով, Արմաւիր-Իսահակեան-Գիւմրի 60 քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող մայրուղիի 24.5 քիլոմեթր երկարութեամբ հատուածն է: Շինարարութիւնը կը նախատեսուի աւարտել 2008ի Դեկտեմբեր 15ին եւ ծրագիրի ընդհանուր արժէքը 4.5 միլիոն տոլար է: