ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Նոյեմբեր 9ին տեղի ունեցաւ որակաւորման քննութիւններէ անցած եւ արտօնագիր ստացած փաստաբաններու երդման արարողութիւնը:
Ողջունելով քննութիւններու արդիւնքով փաստաբանական ասպարէզ մտած 100 իրաւաբանները, Փաստաբաններու պալատի նախագահ Ռուբէն Սահակեան գոհունակութիւն յայտնեց որակաւորման քննութիւնները յաղթահարած թեկնածուներու մակարդակին մասին: