UCLA համալսարանի հայկական ուսանողական զոյգ միութեանց անդամները իրենց ձայնը պիտի միացնեն համալսարանին ուսանողներուն, բողոքելու համար Շաբաթ, Նոյեմբեր 10ին, կ.ե. ժամը 5ին համալսարան այցելող Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճէյն Հարմընի (Դ., Քալիֆորնիա) դէմ:
Ցոյցին հիմնական պատճառը դատապարտել է Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին ընդդիմանալու Հարմընի կեցուածքը:
Հակառակ այն իրողութեան, որ Հարմըն պատրաստակամութիւն յայտնած է ուսանողական միութեանց ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպիլ նոյն օրը, անոր արտայայտութիւններն ու արարքները ցոյց կու տան, որ ան պատրաստ չէ իր կեցուածքը փոփոխութեան ենթարկելու:
Հարմըն անտեղի կերպով բանաձեւը կը կապէ Իրաքի տագնապին, հակառակ այն իրողութեան, որ նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ դեսպան Նապի Սենսոյ վերջերս յայտարարած էր, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը ոչ մէկ կապ ունի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրաքի հետ ներկայ կամ ապագայ լարուածութեանց հետ: Անգարա կը շարունակէ իր շահերը վեր դասել Թուրքիա-Ամերիկա յարաբերութիւններէն: 2003ին, երբ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւ չկար Քոնկրէսի օրակարգին, Թուրքիա մերժեց արտօնութիւն տալ ամերիկեան ուժերուն, որ Իրաքի վրայ յարձակին թրքական հողերէն, ծանր վնասներ պատճառելով ամերիկացիներուն: