ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ա-Ինֆօ».- Նոյեմբեր 2ին ամբողջ Վրաստանի մէջ ծայր առած հակակառավարական հանրահաւաքները բացառութիւն կազմեցին երկիրի՝ մեծամասնութեամբ հայաբնակ շրջաններուն մէջ:
Ախալքալաքի, Նինոծմինդայի, Ծալկայի շրջաններուն մէջ, ուր բնակչութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը հայեր են, որեւէ հակակառավարական հանրահաւաք (կապուած վերջին օրերուն տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն) տեղի չէ ունեցած: Այս կապակցութեամբ Սամցխէ-Չաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչը տուած է հետեւեալ մեկնաբանութիւնը.-
«Վրաստանի մեծաւմասամբ հայաբնակ շրջաններում, վերջին օրերի հակակառավարական ձեռնարկներին չմասնակցելը չի նշանակում, թէ հայերը գոհ են Սահակաշւիլու վարչակարգից, ընդհակառակը՝ ջաւախքահայերն էլ են դժգոհ ներկայ իշխանութիւններից, սակայն երկրամասի հայութեանը յուզող ազգային խնդիրների լուծումը ընդդիմութիւնը եւս չի երաշխաւորում»:
Սամցխէ-Չաւախքի հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչը յիշեցուց նաեւ խորհուրդի նախաձեռնած հանրահաւաքի մը մասին եւ յայտնեց, որ խորհուրդը իր ծրագրած հանարահաւաքին մէջ նախատեսած էր քննել տարածաշրջանին մէջ հայոց լեզուի կարգավիճակին, հայ-վրացական համալսարանի բացման առնչուող եւ այլ հարցեր: Սակայն խորհուրդը հետագային հրաժարած է հանրահաւաքներ կազմակերպելէ, որպէսզի այդ հանրահաւաքները որեւէ ձեւով չկապուին ընդդիմութեան առած, կամ առնելիք քայլերուն: