ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գրասենեակը պաշտօնապէս արձագանգեց «Ղարաբաղ» կոմիտէի անդամներու նկատմամբ յարուցուած քրէական գործի նիւթերը դատախազութիւն վերադարձնելու մասին գլխաւոր դատախազութեան պաշտօնական գրութեան եւ վերադարձուց զանոնք:
Ըստ գլխաւոր դատախազի մամլոյ քարտուղար Սօնա Տրուզեանի, գլխաւոր դատախազութեան աշխատանքային հնգանդամ խումբը Նոյեմբեր 10ին, ժամը 14ի մօտերը, այցելեց Լ. Տէր Պետրոսեանի առանձնատունը, ուր եւ տեղի ունեցաւ գործի նիւթերու յանձնում-ընդունումը:
Կազմուեցաւ արձանագրութիւն, քրէական գործի 61 հատորները ընդունելու մասին: