Հայ քոյրերու վարժարանը, որպէս մշակոյթի ամրոց, այս տարի եւս, Հոկտեմբեր ամիսը պանծացուց որպէս Մշակոյթի ամիս։Այս տարի եւս Հոկտեմբեր ամսուան տեւողութեան, վարժարանէս ներս տեղի ունեցան զանազան ձեռնարկներ, որոնք ստեղծեցին յատուկ մթնոլորտ՝ անգամ մը եւս շեշտելով հայ վարժարանի առաքելութիւնը, յատկապէս հայ ուսուցչին դերը՝ կոփելու հայ մարդը, հայ երգով պարով, գրականութեամբ եւ սովորութիւններով կերտելու անոր հոգեմտաւոր աշխարհը։
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆՈՒԱԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Հոկտեմբեր 17ին մեծ խանդավառութիւն կը տիրէր Հայ քոյրերու վարժարանէն ներս, ճաշէն ետք աշակերտները հաւաքուած էին սրահը եւ անհամբեր կը սպասէին անակնկալին։ Մշակոյթի ամսուան առաջին ծրագիրը հայկական նուագարաններու ներկայացումն էր, «Երրեակ նուագախումբ»ի կողմէ, ղեկավարութեամբ՝ Վարդան Յարութիւնեանի եւ մասնակցութեամբ Գրիգոր Ռոստոմեանի եւ Գէորգ Կապուզեանի. խումբի ելոյթին կը մասնակցէր նաեւ վարժարանիս աշակերտներէն՝ երրորդ կարգէն Դաւիթ Յարութիւնեան, դհոլի ընկերակցութեամբ։ Նախ իւրաքանչիւր արուեստագէտ ներկայացուց իր նուագած գործիքը, անոնք մանրամասն տեղեկութիւններ տուին հայկական նուագարաններու մասին ինչպէս՝ զուռնա, դուդուկ, դհոլ եւ ներկայացուցին հայկական հարսանեկան պարեղանակներ, շուրջպարի եղանակներ, մեծ ճարտարութեամբ սրելով աշակերտութեան խանդավառութիւնը եւ հասցնելով զայն գագաթնակէտին երբ ինքնաբուխ փոքրերը սկսան շարժիլ եւ արդէն մեծ խումբով հասան բեմ եւ ծայր տուաւ հայկական խնճոյքը։ Դուդուկն ու դհոլը պահ մը իրենց հետ հայկական լեռներու եւ դաշտերու համն ու հոտը բերած էին, բոլորը փոխադրուած էին հոն՝ եւ շուրջպար բռնած։ Յուզումնալից ուրախութիւն մը կար բոլորիս աչքերուն մէջ ի տես տղոց առնական շարժումներուն եւ աղջիկներու նազանքով պարին։
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՎԱՃԱՌՔ
Հոկտեմբեր 22-25, չորս օրերու տեւողութեամբ տեղի ունեցաւ հայկական գիրքերու վաճառք, ուր մանկապարտէզի ամենափոքր դասարանէն մինչեւ վերին կարգի աշակերտներ իրենց հայերէն դասատուներու ընկերակցութեամբ, այցելեցին գրադարանի մէջ ցուցադրուած գիրքերու եւ հայկական զարդերու ցուցահանդէսը, լսեցին գիրքերու, գրողներու, հայկական տառերու մասին եւ ապրեցան հայ մշակոյթի մթնոլորտին մէջ, ապա գիրքեր գնելով իրենց հետ հայ գրականութենէն պատառիկներ տարին տուն։
ՃԱՇԻ ԾՐԱԳԻՐ
Այս տարի, յաջորդաբար երրորդ անգամ ըլլալով, Հայ քոյրերու վարժարանի վեցերորդ, եօթերորդ եւ ութերորդ կարգի աշակերտները Մշակոյթի ամսուան ընթացքին ունեցան ճաշի ծրագիր։ Անոնք իրենց ծնողներու օգնութեամբ եւ խումբերու դրութեամբ, տան մէջ կիսով պատրաստեցին ճաշերը, որ նախընտրաբար հայկական էր, եւ դպրոցը՝ ծնողներու եւ աշակերտութեան ներկայութեան բացատրեցին ճաշի բաղադրութիւններն ու պատրաստութեան ձեւը եւ ամբողջացնելով պատրաստութիւնը, հրամցուցին իրենց դասընկերներուն։ Այս ծրագիրը ընդհանրապէս մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէ դպրոցէն ներս՝ ծնողք, աշակերտ եւ ուսուցիչ կը լծուին առօրեայ գործածուող սննդեղէնի անուններուն ճշգրիտ հայերէն բառերը պրպտելով գտնելու, օգտագործելու եւ զայն տարածելու աշակերտութեան մէջ։
ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՕՐՈՒԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Հոկտեմբեր 30ին տեղի ունեցաւ վարժարանիս Մշակոյթի օրուան հանդիսութիւնը, առաւօտեան ժամը 10:30ին, մասնակցութեամբ բոլոր աշակերտներուն՝ մանկապարտէզէն մինչեւ ութերորդ կարգ։
Հանդիսութիւնը պաշտօնապէս ընթացք առաւ ՀՀ քայլերգի խմբային կատարողութեամբ, որուն դաշնամուրի վրայ կ’ընկերակցէր երրորդ դասարանէն Շանթ Փափիրեան, ապա Մարի Թիւթելեան, օրուան հանդիսավարը, բացման խօսքով շեշտեց, թէ «հայ ժողովուդը կը գոյատեւէ մայրենի լեզուի գործածութեամբ… Մ. Մաշտոցի հրաշալի գործը կ’արժեւորուի երբ մենք կը շարունակենք մեր մայրենի լեզուով խօսիլ, երգել եւ կը գոյատեւենք փոխանցելով զայն գալիք սերունդներուն…» եւ խօսքը եզրափակեց տալով մեծ բանաստեղծ Սիլվա կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն» պատգամը։ Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ օրուան պատշաճ արտասանութիւններով, երգերով, որոնք մէջընդմէջ ընդմիջուեցան դաշնամուրի վրայ, աշակերտներու կատարողութեամբ երաժշտական կտորներով, ընդհանրապէս Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն։ Հաճելի էր լսել հայ մանուկին մատղաշ մատներով մեկնաբանուած «Կաքաւիկ»ը, «Կռունկ»ը, «Քելէ քելէ»ն… Հանդիսութեան վերջին բաժինով ներկայացուեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի «Քէֆ ընողին քէֆ չի պակսիր» թատրերգութիւնը, կատարողութեամբ վեցերորդ կարգի աշակերտներուն։ Անոնք, իսկապէս նիւթը ընկալած, ճարտարօրէն բեմականացուցին պատմութիւնը, ծիծաղ եւ ծափեր խլելով հանդիսատեսէն։ Յատկանշական էր Նարեկ Խոտանեան՝ տերվիշի եւ Ալեք Քիւրքճեան՝ Հասանի դերով, երկուքն ալ համոզիչ եւ վարժ շարժումներով ներկայացան բեմին վրայ, իսկ Ասպետ Փափիսեան, Վարուժ Կիւլիւզեան եւ Սարգիս Գումրուեան՝ մեծ ճարտարութեամբ նուագեցին թմբուկը եւ ընկերակցեցան թատրոնի լրիւ տեւողութեան, անոր տալով գոյն եւ համ։
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը ըսաւ վարժարանիս տնօրէնուհի քոյր Լուսիա, որ աշակերտներուն յորդորեց հայկական մշակոյթով լիցքաւորուելու եւ քաջալերեց զանոնք իրենց տարած աշխատանքին համար։ Քոյր Լուսիա իր խօսքի աւարտին յատուկ կերպով շնորհաւորեց հայերէն լեզուի դասատուները, երաժշտութեան ուսուցչուհին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց կատարած ազգանուէր աշխատանքին համար, մինչ աշակերտները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին ծաղկեփունջեր մատուցելով ուսուցչուհիներուն։
Աշակերտութիւնը ցրուեցաւ Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ, իրենց հետ տանելով հայ մշակոյթէն պատառիկներ։
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏԱՐԱԶՆԵՐՈՎ ՆԿԱՐԱՀԱՆՈՒՄ
Մշակոյթի ամսուան եզրափակիչ ձեռնարկն էր հայկական տարազներով նկարահանում: Նոյեմբեր 5ի ամբողջ օրուան ընթացքին տեղի ունեցող հայկական տարազներով նկարահանումը, որու ընթացքին աշակերտները առիթը ունեցան, իրենց նկարած, գունաւորած, հայերէնի դասապահերուն լսած եւ դասարանի պատերը զարդարած հայկական տարազներուն ականատես ըլլալու, հագնելու եւ պահ մը հայկականութեամբ հաղորդուելու։ Հետաքրքրականը այն էր, որ միայն աշակերտները չէին խանդավառուողները, այլ նաեւ ընտանիքները՝ հայրեր, մայրեր փոքրիկներ, ուսուցչուհիներ, բոլորը տարազաւորուած կը նկարուէին՝ իրենք զիրենք պատկերացնելով հայկական այս կամ այն շրջանին մէջ։
Խրախուսիչ էին լրիւ ամսուան ձեռնարկները՝ հայ վարժարանը իր առաքելութեան մէջ, հայ ուսուցիչը պատնէշի վրայ, հաւատալով որ հայ մշակոյթը «տունն է հայուն աշխարհի չորս ծագերուն», կ’աշխատի զայն անաղարտ պահել, պահպանել եւ որպէս մասունք բաժնել եւ հասցնել ամէն հայ մտքի ու հոգիի, մանաւանդ մատղաշ հոգիներուն ու մտքերուն։