ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Այս տարի կ’ակնկալուի մեղմ ձմեռ, այս մասին յայտնեց օդերեւութաբանական կեդրոնի պետ Զարուհի Պետրոսեան եւ նշեց, որ Դեկտեմբերին, նաեւ Յունուարին եւ Փետրուարին, կը սպասուին չափանիշերու մօտ, փոքր ինչ դրական շեղումով օդի միջին ջերմաստիճան եւ չափանիշէն պակաս անձրեւ եւ ձիւն:
Այսուհանդերձ, չափանիշէն աւելի տեղումներ կը սպասուի Յունուարին Լոռիի, Տաւուշի եւ Սիւնիքի մէջ, իսկ Փետրուարին՝ Արարատեան դաշտին եւ Արագածոտնի նախալեռնային շրջաններուն մէջ: Նշենք, որ սա նախնական կանխատեսում է, որուն ճշգրտութեան աստիճանը մօտ 65 տոկոս է: