Հայաստանի հեռուստատեսութեան եւ ձայնասփիւռի «Արեւիկ» մանկապատանեկան համոյթը Հայաստանի միակ արհեստավարժ մանկական համոյթն է, որ երկար տարիներէ ի վեր յաջողութեամբ հանդէս կու գայ միջազգային տարբեր փառատօններուն եւ մրցոյթներուն։
«Արեւիկ»ի գործունէութիւնը շատ համահունչ է իր կրած անունին: Ան շնորհիւ իր տաղանդաւոր երեխաներու, որոնք հակառակ իրենց փոքր տարիքին կը տիրապետեն կատարողական բարձր արուեստին, լուսաւոր շողեր կը սփռեն բարձր բեմերէն։ Արեւիկցիները գիտեն ներկայանալ տեսախցիկի առջեւ, այդ փորձը ձեռք ձգած են՝ տարիներէ ի վեր վարելով համանուն մանկական ամէնշաբաթեայ հեռուստածրագիրը։ Համոյթի երգային բաժինի մասնագէտն է Արփինէ Յովհաննէսեան, գեղարուեստական ղեկավարը Արմէն Դիւանեան։
Այս տարի, Դեկտեմբեր ութին, Ռոթերտամի (Հոլանտա) մէջ կայանալիք մանկական Եւրոտեսիլի մրցոյթին, 18 երկիրներու հետ, առաջին անգամ ըլլալով պիտի մասնակցի նաեւ Հայաստանը, զոր պիտի ներկայացնէ «Արեւիկ» մանկապատանեկան համոյթի 10-15 տարեկան ութ երգիչ երգչուհիները, ներառեալ երեք մենակատարներ՝ տասնամեայ Քրիստինէն Ալեքսանեան եւ Անահիտ Սարգսեան, ինչպէս նաեւ տասնչորս տարեկան Մարիանա Չաւախեան, որ «Արեւիկ» հեռուստածրագրի հաղորդավարն է, կը յաճախէ Միքայէլ Միրզոյանի երաժշտական դպրոցի դաշնամուրի դասարան, շատ լաւ կը տիրապետէ անգլերէն լեզուին։ Ան «Արեւիկ» համոյթին մաս կը կազմէ ութ տարեկանէն ի վեր, ունի հնչեղ ձայն։ Ներկայացուելիք երգի հեղինակն է նոյն ինքն մենակատար «Արեւիկ» համոյթի սան՝ Մարիաննա Չաւախեան, որովհետեւ մրցոյթի պայմաններուն համաձայն, երգի հեղինակը պէտք է բեմ բարձրանայ եւ պարտադիր երգէ, պարէ կամ նուագէ։ Երգը, որ կը կոչուի «Երազանք», լուսնի մասին է, ունի շատ աշխոյժ կշռոյթ եւ անմիջապէս կը գրաւէ ունկնդիրը։
Մասնագէտներու կարծիքով, երգը լիովին կը համապատասխանէ Եւրոտեսիլի չափանիշներուն։ Բազմաթիւ երգերու մէջէն ընտրուած այս երգը կը տեւէ մօտ երեք վայրկեան, գործիքաւորումը վստահուած է Մարտին Միրզոյանին եւ Էդգար Յակոբեանին։ Մրցոյթի պայմաններուն համաձայն, երգը պիտի կատարուի մայրենի լեզուով։ Ելոյթին պարով պիտի ընկերակցի «Նանէ» խումբը։
Արեւիկցիները մրցոյթին կը մասնակցին յաղթելու վճռականութեամբ, Հոլանտա կը հասնին Դեկտեմբեր երկուքին։ Սփիւռքահայերուն պարտքն է իրենց հաղորդագրութիւններով քուէարկել մեր հրաշալի երեխաներուն՝ թեւ ու թիկունք դառնան անոնց, որպէսզի անոնց բարձրացուցած հայոց դրօշը բարձր ծածանի օտար երկրի երկնակամարին տակ։
«Արեւիկ»ի արձակած լուսաւոր շողերը երկար պիտի ջերմացնեն բոլորիս սրտերը։