ՄԱՆԻԼԼԱ, «Ռոյթըրզ».- Ֆիլիփինցի երեսփոխան մը եւ երկու ուրիշներ սպաննուեցան Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 13ի երեկոյեան, երբ պայթում մը տեղի ունեցաւ Ֆիլիփինի խորհրդարանի շէնքին մուտքին: Երեսփոխանը իսլամ արմատական խմբակի մը նախկին անդամ էր, որ 1996ին կառավարութեան հետ կնքուած համաձայնութենէ մը ետք զէնքերը վար դնելով քաղաքական ասպարէզ անցած էր: Կը կարծուի, որ ան թիրախն էր «Ապու Սայաֆ» իսլամ արմատական խմբակին:
Նկարին մէջ, ոստիկան մը խորհրդարանի պահակ մը կը հարցաքննէ պայթումին վայրին մէջ: