ՔՐԱՈՒՖՈՐՏ, Թեքսաս, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ կը յայտնեն, որ պիտի շարունակեն Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ դիւանագիտական լուծումի մը ձգտիլ։ Անոնք այս յայտարարութիւնը կատարեցին շաբաթավերջին, նախագահ Պուշի Թեքսասի ագարակին մէջ վարչապետ Մերքէլի հետ տեղի ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին։
Մերքէլ յայտնեց, որ Իրանը իր հիւլէական ծրագիրներէն հրաժարիլ տալու համար կրնայ յաւելեալ պատժամիջոցներու կարիքը զգացուիլ եւ Գերմանիա Իրանի հետ իր առեւտրական կապերը վերատեսութեան պիտի ենթարկէ։ Մերքէլ նախագահ Պուշի ամէնէն մտերիմ եւրոպական դաշնակիցներէն մէկուն վերածուած է։ Անոր երկօրեայ այցելութիւնը կը յաջորդէ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի այցելութեան։ Վերլուծաբանները կը յայտնեն, որ Պուշ եւրոպացի ազդեցիկ ղեկավարները սիրաշահելու արշաւի մը ձեռնարկած է։
Շաբաթ օր նախագահ Պուշ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Իրանի ընթացքը փոխել տալու համար պիտի շարունակէ դիւանագիտական միջոցներու դիմել: «Ինչ որ իրանեան վարչակարգը պէտք է հասկնայ այն է, թէ պիտի շարունակենք միասին գործել այս հարցը դիւանագիտութեան ճամբով լուծելու համար. ասիկա կը նշանակէ, թէ այդ վարչակարգը պիտի շարունակէ մեկուսացած մնալ։ Իսկ այն ինչ որ իրանցիները պէտք է հասկնան այն է, թէ մենք կը յարգենք իրենց ժառանգութիւնը եւ կը յարգենք աւանդութիւնները, կը յարգենք իրենց կարողականութիւնը. սակայն իրենց կառավարութիւնն է, որ իրենց փայլուն ապագային արգելք հանդիսացող որոշումներ տուած է», ըսաւ Պուշ։
Մերքէլ զգուշացուց, որ եթէ Իրան մերժէ իր հիւլէական գործունէութիւնը դադրեցնել, ապա «պէտք է յաւելեալ պատժամիջոցներու մասին մտածենք»։
Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Չինաստան, Ֆրանսա, Բրիտանիա եւ Գերմանիա համաձայնած են նոր պատժամիջոցներ հաստատող ՄԱԿի որոշում մը բանաձեւել եւ պաշտօնատարներ ինը օրէն հանդիպում պիտի ունենան բանաձեւին բովանդակութիւնը վերջնականացնելու համար, բացի եթէ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը Իրանի կողմէ զիջումներու մասին տեղեկութիւն փոխանցէ։
Մերքէլ յայտնեց, որ Իրանի առեւտրական հիմնական գործընկերներէն հանդիսացող գերմանական առեւտրական շրջանակներուն մօտ աշխատանք պիտի տանի Իրանի հետ առեւտուրը նուազեցնելու։ Ուաշինկթըն իր դաշնակիցներուն մօտ աշխատանք կը տանի զանոնք Իրանի հետ առեւտրական կապերու խզման մղելու համար։
Խօսելով Փաքիստանի կացութեան մասին՝ նախագահ Պուշ յայտնեց, որ նախագահ Փերվէզ Մուշարրաֆ սահմանադրական կարգերու վերադառնալու համար «դատական քայլեր» առած է, եւ կ՚ակնկալէ, որ այդ մէկը կարելի եղածին չափ շուտ տեղի ունենայ։ Սակայն ան ըսաւ, թէ «Քայիտան բնաջնջելը» թէ՛ Միացեալ Նահանգներու եւ թէ Փաքիստանի առաջնահերթութիւնը կը մնայ եւ թէ ինք վստահ է, որ փաքիստանեան ղեկավարութիւնը յանձնառու է նոյն նպատակին։ «Հասարակաց նպատակ մը ունինք», ըսաւ Պուշ։
Մերքէլ յայտնեց, որ հանդիպման օրակարգին վրայ եղած են նաեւ Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի հարցերը, Տոհայի առեւտրական բանակցութիւնները, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի բարեփոխումն ու կենսոլորտի փոփոխութիւնը։ Ան յայտնեց, որ այս վերջին հարցով առնուելիք քայլերուն առնչութեամբ երկու կողմերը տարակարծիք գտնուած են։