Հիմա մեռած ես, ցաւ չունիս, վախ չունիս: Խօսէ ուզածդ: Ես կը գրեմ:
Մեղաւորս՝ Գրիգոր Նարեկացի, Նարեկայ վանքին վանահայր Անանիա Վարդապետին եղբօրը աղջկան տղան եմ: Հայրս՝ Խոսրով եպիսկոպոսը, հայր էր երեք զաւակներու, Սահակ, Յովհաննէս եւ վերջինը ես, ձեր ծառան՝ Գրիգորը: Մի գայթակղիք: Մեր ծնած շրջանին հայրս աշխարհական էր: Մեր մօրը մահանալէն յետոյ հայրս եղաւ կրօնաւոր եւ դարձաւ եպիսկոպոս, մինչեւ իր խոր ծերութիւնը՝ Անձեւացեաց գաւառի հովիւն ու առաջնորդը:
Ես շատ բան կը պարտիմ մօրս հօրեղբօր՝ Անանիա Վարդապետին, հօրս եւ եղբայրներուս. առանց իրենց Սուրբի կոչումին չէի կրնար արժանանալ:
Հայրս իմացական եւ բարոյական առաւելութիւններով օժտուած անձ մըն էր, խանդաղատանքի մասնաւոր զգացումներով կը մտածէր, կը խօսէր, կը գրէր ու կը մեկնէր իր քարոզները:
Մեծ եղբայրս՝ Սահակը, գրի կ’առնէր հօրս բոլոր մտածումներն ու գաղափարները, որոնք օգտակար եղան ինծի վերանայելու, բազմացնելու եւ զարգացնելու այդ մեկնութիւնները:
Միջնեկ եղբօրս՝ Յովհաննէսին հետ մտերիմներ էինք, նոյնիսկ ինծի վերագրուած կարգ մը գրութիւններ իր գրչին կը պատկանին. միասին կ՚ուսումնասիրէինք, կը վիճէինք շատ մը միտքերու մասին, միաբանակիցներ էինք Նարեկայ վանքին մէջ, ես բախտաւոր դուրս եկայ, վանական եղայ:
Անանիա Վարդապետ, Նարեկայ վանքին վանահայրը, Յովհաննէս եղբօրս եւ իմ անկրկնելի ուսուցիչն էր, բարձրագոյն ձիրքերու տէր անձնաւորութիւն մը, առանց իր շունչին անկարելի էր, որ կարենայինք մագլցիլ կրօնական գիտութեան բարձունքները։ Իր մահէն ետք Յովհաննէս եղբօրս ջանքերով, ինծի վիճակուեցաւ Նարեկայ վանքին վանահայր ըլլալը:
Այս շրջանին, Բագրատունեաց եւ Արծրունեաց իշխանութեանց ներքեւ հարիւրաւոր գրողներ եւ թարգմանիչներ գոյութիւն ունէին, բոլորն ալ արժանաւորներ, բայց չունէին իմ ընտանեկան պարագաներս եւ կրթութիւնս:
Ծնած եմ 947 թուին, մանկութիւնս, պատանութիւնս եւ երիտասարդութիւնս անցան կրօնական դաստիարակութեամբ. որքան կը մօտենայինք 1000 թուկանին, կը կարծէի, թէ աշխարհի վերջը պիտի գայ, ուստի պատրաստուեցայ իմ եւ բոլոր հայ ժողովուրդին մեղքերուն համար թողութիւն խնդրել Աստուծմէ, ճգնեցայ, աղօթեցի, աղօթեցի, աղօթեցի: Եթէ թուրքը գոյութիւն ունենար իմ ժամանակիս, իրենց համար ալ կ’աղօթէի, որպէսզի գութ ըսուածը ունենային: Վասնզի եթէ ամբողջ Վանայ լիճը մելանի վերածեմ եւ բազմաթիւ լայնատարած դաշտերը թուղթի պէս փռեմ-տարածեմ ու եղէգի շամբերն ու անտառները գրիչի վերածեմ, պիտի չկրնամ թուրքին վրայ բարդուած անօրէնութիւններուն մէկ մասն իսկ գրի առնել: Աստուծոյ եւ Ամերիկայի կը ձգեմ Դատաստանը…:
Եւ արդէն ի՞նչ օգուտ այս քանի մը կսկծալի, կարճ ու անզօր խօսքերը հիւսելէս, երբ ա՛լ անցած է չափը եւ անհնար են բժշկութիւնը եւ խրատը:
Ընկալ բանս՝ քեզ ի հաճութիւն եւ ոչ ի բարկութիւն:
Թարգմանեմ քեզի պրն. թղթակից: – Հաճութեամբ եւ ոչ թէ բարկութեամբ ընդունէ այս խօսքերս:
Ես, որ շարունակ սխալած եմ եւ արժանի ամէն պատիժի, եւ որ միշտ դժնեայ եւ վայրենաբարոյ՝ ինքզինքս դէպի մահ մղեր եմ անդադար, ես որ արօտական վայրագասուն խոզերու զզուելի երամակները արածելու գարշելի մեղքը գործեցի եւ անարգ ծառայութիւնը կատարեցի, ես, որ «Երգ երգոց»ի ինծի ակնարկող պատկերին համեմատ՝ ուլերու հօրաններու խնամատար հովիւն եղայ հովիւներու վրաններու տակ, բնաւ չկրցայ գիտնալ, թէ ո՛ւր, որո՛ւ պատկերով եւ որո՛ւ համար գոյութիւն առած եմ: Յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն:
ՄԱՍԻՍ