ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լիթուանիոյ պաշտպանութեան նախարար Եոզաս Օլեքասի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Նոյեմբեր 13ին այցելեց Ծիծեռնակաբերդ եւ ծաղկեպսակ զետեղեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին:
Ան շրջեցաւ նաեւ Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ, ուր յայտարարեց. «Խորապէս տպաւորուած եմ. այն, ինչ վերապրել է հայ ժողովուրդը, համաշխարհային պատմութեան մէջ խոշորագոյն ողբերգութիւններից է: Թանգարանում մեր լսած պատմութիւնները, աւելի փոքր չափերով յիշեցնում են նաեւ մեր ժողովրդի պատմութիւնը 1940ական թուականներին, երբ Լիթուանիայում իշխում էր խորհրդային շրջափակումը, երբ արտաքսւում, սպանւում էին մեր նախնիները» եւ աւելցուց, որ պէտք է պահպանել այդ պատմական յիշողութիւնը, թոյլ չտալ, որ մոռցուի, որպէսզի հետագայ սերունդները կարենան ապրիլ աւելի խաղաղ պայմաններու մէջ:
«Մենք չենք կարող մոռանալ, սակայն պէտք է սովորենք ապրել այս պատմական ցաւով եւ նայել դէպի ապագայ: Ինձ վրայ այս ամէնը շատ խորը տպաւորութիւն թողեց, քանզի իմ նախնիները նոյնպէս արտաքսուել էին Լիթուանիայից, ես ծնուել եմ Սիպիրում, եւ միայն արտաքսման 10 տարիներից յետոյ իմ ընտանիքը կարողացաւ վերադառնալ հայրենիք: Շատ ուրախ եմ, որ այսօր ազատ Հայաստանը, ազատ Լիթուանիան կարող են լինել համաշխարհային հանրութեան անդամներ, կարող են ստեղծագործել եւ նայել դէպի ապագայ», նշեց Օլեքաս:
Նոյն օրը Լիթուանիոյ պաշտպանութեան նախարար այցելեց նաեւ Վ. Սարգսեանի անուան ռազմական հիմնարկ եւ Մատենադարան:
Երէկ նախարար Օլեքասի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ընդունեց նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան:
Հանդիպման ընթացքին նախագահը գոհունակութեամբ ընդգծեց հայ-լիթուանական զարգացող երկխօսութիւնը ու փոխադարձ այցելութիւնները: Ան բարձր գնահատեց նաեւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ երկու երկիրներու գործակցութեան մակարդակը եւ նշեց, որ այս բնագաւառը երկկողմանի յարաբերութիւններու ամենազարգացած ուղղութիւններէն է:
Քննարկման առանցքային թեման եղաւ բանակի բարեփոխումներու ուղղութեամբ հայ-լիթուանական գործակցութիւնը: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի՝ եւրոհամարկման գործընթացին:
Կողմերը Հայաստան-ՆԱԹՕ անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու ծրագիրի գործընթացին մէջ Հայաստանի համար բաւական օգտակար ու կարեւոր համարեցին լիթուանական փորձառութեան փոխանցումը եւ գործնական օժանդակութիւնը: