ԼԱՀՈՐ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի օր, Փաքիստանի մէջ պետական պաշտօնատար մը յայտարարեց, թէ ստիպողական վիճակին պատճառով՝ երկրի իշխանութիւնները պիտի չթոյլատրեն, որ նախկին վարչապետներէն Պենազիր Պութօ կազմակերպէ իր ծրագրած բողոքի հանրահաւաքը:
Պութօ եւ այլ ընդդիմադիրներ սպառնացած էին պոյքոթի ենթարկել յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւնները, եթէ ստիպողական վիճակը շուտով չվերցուի ու երկրի նախագահ Փերվէզ Մուշարրաֆ չհրաժարի բանակի հրամանատարի իր պաշտօնէն:
Տեղեկատուութեան փոխնախարար Թարէք Ազիմ մամուլին յայտարարեց, թէ «բոլոր երթերը, հանրահաւաքները եւ քաղաքական հաւաքները ներկայիս արգիլուած են: Հետեւաբար, եթէ ան (Պութօ) օրէնքը խախտէ, այդ պարագային այդ մէկը պիտի չթոյլատրուի իրեն»:
Պութօ կը ծրագրէր Երեքշաբթի օր Լահորէն դէպի մայրաքաղաք Իսլամապատ երթ մը կազմակերպել, իբրեւ բողոքի ճնշամիջոց նախագահին դէմ, որպէսզի ջնջէ ստիպողական դրութիւնը: Միւս կողմէ, Երեքշաբթի առաւօտուն, ոստիկանութիւնը խստացուց Պութոյի շուրջ ապահովութիւնը ըսելով, որ անոր դէմ անձնասպանական արարքի մը մասին տեղեկութիւններ կան: Հարիւրաւոր ոստիկաններ հսկողութեան դիրքեր հաստատած են Լահորի մէջ Պութոյի բնակարանին շրջակայ թաղերուն մէջ:
Երեքշաբթի օր Պութօ յայտարարեց, որ իշխանութեանց քայլերը ցոյց կու տան, որ դարձեալ տնային կալանքի տակ կը գտնուի եւ աւելցուց, թէ ինք եւս ձայնը միացուցած է նախագահին հրաժարումը պահանջող կողմերուն:
Պութօ յայտարարեց, թէ իշխանութեան բաժնեկցութեան գծով նախագահ Մուշարրաֆի հետ բանակցութիւններուն վերջ տուած է։ Ան լրագրողներուն յայտնեց, որ «մենք յաւելեալ բանակցութեանց ոչ կ՚ըսենք։ Ասիկա իմ նախորդ քաղաքականութենէս փոփոխութիւն մըն է»:
Երկիրը կը մնայ լարուած վիճակի մէջ եւ անյայտ է, թէ յառաջիկայ ժամերուն ինչ կրնայ տեղի ունենալ Փաքիստանի մէջ: