ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Նախկին պաշտպանութեան եւ պետական քարտուղարներ, յաջորդաբար Ուիլեըմ Քոհենի եւ Մէտլին Ալպրայթի հաւաստիութիւնը լրջօրէն խնդրոյ առարկայ դարձաւ երէկ լրագրողներու կողմէ, երբ վերջիններս հարցումներ ուղղեցին նախկին պաշտօնատարներուն՝ 106րդ բանաձեւը ձախողեցնելու անոնց ճիգերուն կապակցութեամբ:
Հարցը սրեցաւ այն հանգամանքով, որ Քոհեն եւ Ալպրայթ մաս կազմեցին ցեղասպանութիւններ կանխարգիլելու միտող նախաձեռնութեան մը: Անոնք նաեւ անցեալ ամիս ամերիկացի նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ նամակ մը ստորագրած էին, դէմ կենալով 106րդ բանաձեւին:
Քոհեն եւ Ալպրայթ երէկ գլխաւոր բանախօսներն էին National Press Club-էն ներս կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի մը, որ կը հիւրընկալուէր Ողջակիզումի թանգարանին, Խաղաղութեան հիմնարկին եւ Դիւանագիտութեան ակադեմիային կողմէ, յայտարարելու համար Ցեղասպանութեան կանխարգիլման աշխատանքի խումբի մը կազմութիւնը:
Պատասխանելով «Ասպարէզ»ի, Armenian Weekly եւ Armenian Reporter թերթերու թղթակիցներու հարցումներուն, թէ արդեօք հակասութիւն չկա՞յ իրենց այս դերին եւ 106րդ բանաձեւին ընդդիմանալու իրենց կեցուածքին միջեւ, նախկին նախարարները խուսափողական եւ տարտամ պատասխաններ տուին եւ մնայուն կերպով բառախաղերու դիմեցին՝ խուսափելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան մասին որեւէ ակնարկութենէ:
Քոհեն իր պատասխանին մէջ, ակնարկելով ցեղասպանութեանց դէմ ամերիկեան դիրքորոշումին ըսաւ. «Բացարձակութիւններ չկան հոս… Գործնապաշտութեան տարր մը գոյութիւն ունի եւ կը խորհիմ, որ որեւէ հանրային պաշտօնատար անհրաժեշտ է, որ ունենայ հաւասարակշռող ազդակներ»:
Իսկ Ալպրայթ ըսաւ, թէ ցեղասպանութեան դէմ քայլ առնելը դժուար է: «Ասոնք հարցեր են, որոնց մասին մարդիկ կը խօսին երկար ատենէ ի վեր, կամ յայտարարութիւններու մէջ կ’արծարծուին, սակայն երբ կառավարութեան մաս կը կազմես եւ պարտաւոր ես դժուար որոշումներ տալ, պէտք է նայիս ընդհանուր պատկերին: Պէտք է ընդունինք ասիկա: Այլապէս, չենք կրնար ճամբայ ելլել: Ասոնք շատ, շատ դժուարին հարցեր են», ըսաւ Ալպրայթ:
Արտայայտուելով այս մասին, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի վարիչ-տնօրէն Արամ Համբարեան յայտարարեց. «Տխուր է դիտել տալը, որ Ցեղասպանութեան կանխարգիլման աշխատանքային խմբակին ճիգերը, որոնք կը ձգտին համախոհութիւն ստեղծել ցեղասպանութեանց դէմ՝ իբրեւ ամերիկեան քաղաքականութեան առաջնահերթութիւն, կ’ականահարուին այժմէն իսկ պարզ այն փաստով, որ Ալպրայթի եւ Քոհենի նման ղեկավար դէմքեր այսօր հրապարակաւ կ’աշխատին արգելք հանդիսանալու համար Հայկական Ցեղասպանութեան ամերիկեան ճանաչումին»:
Համբարեան շարունակեց ըսելով. «Ալպրայթ եւ Քոհեն չեն կրնար գամին եւ պայտին զարնել միաժամանակ: Կա՛մ բոլոր ժամանակներու բոլոր ցեղասպանութիւններուն դէմ կը կենան անվերապահօրէն, եւ կամ՝ կը զոհեն իրենց բարոյական կեցուածքները այս հարցով, որ մեր ժամանակներու մարդկային իրաւանց հիմնական խնդիր մըն է»:
Ալպրայթի եւ Քոհենի ուղղուած բոլոր հարցումները եւ տրուած պատասխանները յառաջիկային պիտի տանք լրիւ: