Համաձայն տարիներու աւանդութեան, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան վերամուտի առիթով այցելեց Ազգային վարժարանները։ Այս տարի, ընդառաջելով Դաւթեան-Մարիամեան կրթական հաստատութեան վարչութեան հրաւէրին, ան կ՚այցելէ նաեւ պետական այն վարժարանները, ուր յիշեալ հաստատութիւնը հայերէնի ու հայ մշակոյթի դասաւանդութիւն կը մատուցէ հայ աշակերտներու։ Նշենք, որ առաջնորդ սրբազանը տարեվերջին, իբրեւ քաջալերանք յառաջադէմ հայ ուսանողներու, ներկայ կ՚ըլլայ նաեւ հաստատութեան այն հանդիսութեան, ուր գնահատանքի կ՚արժանանան պետական վարժարաններէ փայլուն յաջողութեամբ շրջանաւարտ եղող հայ ուսանողները։
Ընդառաջելով հաստատութեան հրաւէրին, առաջնորդ սրբազանը Հինգշաբթի, 8 Նոյեմբերի յետմիջօրէին ձեռնարկեց շարք մը այցելութիւններու եւ իբրեւ առաջին հանգրուան, այցելեց Կլենտէյլի «Պալպոա» նախակրթարանը։ Առաջնորդ սրբազանին կ՚ընկերանային Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեան, ինչպէս նաեւ Դաւթեան-Մարիամեան կրթ. հաստատութեան ներկայացուցիչներ։
Հանդիպումին ներկայ եղան պետական կրթական համակարգի եւ այլ ներկայացուցիչնական դէմքեր։ Անոնց շարքին էին Կրէկ Գրիգորեան, Նայիրի Նահապետեան եւ Մայքըլ Էսքալանթէ եւ վարժարանին տնօրէնուհին՝ Լինտա Ռուսօ Միլանօ։
Առաջնորդ սրբազանը դիմաւորուեցաւ վարժարանի պատասխանատուներուն եւ հայ դաստիարակներուն կողմէ. աշակերտները պատրաստած էին գեղեցիկ յայտագիր մը։ Առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց հայերէն լեզուով դասաւանդուող ծրագիրներուն հետեւող աշակերտներուն նախանձախնդրութիւնը՝ հաղորդուելու մեր մշակութային ժառանգութեանց հետ, դրուատեց իրենց զաւակները այս ծրագիրին մասնակից դարձնելու ծնողներուն հաւատարմութիւնը, ապա նաեւ՝ Դաւթեան-Մարիամեան կրթ. հաստատութեան նուիրեալ ծառայողները, որոնք ի գին մեծ զոհողութիւններու, յառաջ կը տանի հայակերտումի այս իւրայատուկ աշխատանքը։
Այցելութիւնները պիտի շարունակուին յառաջիկայ օրերուն։
ՊԱՏԱՆԵԱՑ ՀԱՒԱՔ ՔՐԵՍԵՆԹԱ ՀՈՎԻՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՅԱՐԿԻՆ ՏԱԿ
Չորեքշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2007ի երեկոյեան, Լա Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ պատանեաց խումբը, Ամենայն սրբոց տօնին առթիւ, առաջնորդութեամբ Ազգ. առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչներէն Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանի, դաստիարակչական ծրագիր մը ներկայացուց։ Հաւաքին ներկայ էին Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, շրջանի հոգեւոր մատակարար Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան, հոգաբարձուներ, որոնք իրենց քաջալերական խօսքերով հանդէս եկան, նաեւ ծնողներ՝ որոնք ստանձնած էին երեկոյեան հիւրասիրութեան պարտականութիւնը։
Հայր սուրբը պատմական եւ եկեղեցագիտական ծանօթութիւններ փոխանցեց եւ աստուածշաշնչական մէջբերումներով լուսաբանութիւններ տուաւ Հալաուինի մասին, նշելով, որ անիկա հեթանոսական աւանդութիւններու մնացորդն է մերօրեայ կեանքին մէջ։ Ան շեշտեց, որ իբրեւ քրիստոնեաներ, մենք պէտք է նախապատուութիւնը տանք Ամենայն սրբոց տօնին, որովհետեւ, քրիստոնէական հաւատքի ու Քրիստոսի եկեղեցւոյ պաշտպանութեան եւ անկախութեան համար, հին թէ նոր, ծանօթ թէ անծանօթ բոլոր հաւատացեալ սուրբերը, հաւատքի ախոյեան անձնազոհ վկաներ եւ Քրիստոսի անունը նահատակութեան գնով դաւանող մարտիրոս հերոսներ են, որոնք արժանի են յարգանքի, նաեւ ներշնչման անսպառ աղբիւր են։
Երեկոն անցաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ. պատանիներ, թիւով շուրջ 90, խաղերով եւ զրոյցներով իրենց մասնակցութիւնը բերին յայտագիրին։
Հաւաքոյթ խրախճանքին ներկայ եղան նաեւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ պատանեաց խումբի պատասխանատուներն ու անդամները։