ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքային ու զինուորական աղբիւրներէ, «Նիւ Եորք թայմզ» օրաթերթը Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 14ին հաղորդեց, թէ նախնական հետախուզութիւնները հասած են այն եզրակացութեան, թէ Սեպտեմբեր 16ին տեղի ունեցած զինեալ միջադէպին ընթացքին ամերիկեան «Պլէքուոթըր» ընկերութեան զինեալները արդարանալի պատճառներ չունէին սպաննելու 17 իրաքցիներէն առնուազն 14ը:
Ընկերութեան բանբերը յայտնեց, թէ հետախուզութիւնները կը շարունակուին եւ այդ պատճառով չի փափաքիր հաստատում մը կատարել դէպքին մասին:
Գոյութիւն ունեցող փաստերը չեն հաստատեր ընկերութեան զինեալներուն այն պնդումները, թէ ժողովուրդին կողմէ փամփուշտներ արձակուած են զինեալներուն վրայ, սակայն «Էֆ.Պի.Այ.»ի պաշտօնատար մը յայտնած է, թէ սպաննուած իրաքցիներէն երեքին պարագային կարելի է արդարացի պատճառ մը գտնել, որովհետեւ անոնք վտանգի մը կասկածներ յառաջացուցած են:
Նաեւ, հետախուզողները հաստատած են, թէ առնուազն հինգ զինեալներ կրակ բացած են իրաքցի քաղաքայիններուն վրայ:
Իրաքի կառավարութեան կատարած անջատ հետախուզութիւնները եւս հաստատած են, թէ «Պլէքուոթըր» ընկերութեան զինեալները քաղաքայիներուն վրայ կրակելու արդարանալի պատճառներ չունէին: