ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ յառաջիկայ օրերուն կը նախատեսուի կնքել պայմանագիր, ըստ որուն, Հայաստան ՆԱԹՕի աջակցութեամբ պիտի միանայ եւրոպական գիտական արագագործ ցանցին:
Այս մասին Նոյեմբեր 14ին հրաւիրած ասուլիսի ընթացքին յայտնեց Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի փոխնախագահ Եուրի Շուքուրեան:
Ան ներկայացնելով Նոյեմբեր 12-14ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Հայաստանեան հետազօտական եւ կրթական ցանցերը» թեմայով ՆԱԹՕի գիտաժողովի արդիւնքները, նշեց, որ ցանցին միանալը շատ կարեւոր է Հայաստանի գիտութեան եւ կրթութեան զարգացման համար եւ աւելցուց, որ արագագործ ցանցի շնորհիւ հնարաւոր պիտի ըլլայ անցում կատարել գիտական հետազօտութիւններու, կենսաբանական տուեալներու փոխանակման նոր ձեւի եւ համարկուիլ եւրոպական գիտակրթական միջավայրին:
Շուքուրեան յայտնեց նաեւ, որ պայմանագիրի ստորագրումէն յետոյ, 2008ի գարնան, արբանեակային կապի ուղղութեամբ պիտի առնուին գործնական քայլեր, որովհետեւ ՆԱԹՕի կողմէ յատկացուած առկայ արբանեակային կապը բաւարար չէ նոր աշխատանքները կատարելու համար:
Ասուլիսին մասնակից հարաւային Կովկասի մէջ ՆԱԹՕի խորհրդական Եացէք Կաեւսքի եւս կարեւոր համարեց ցանցին միանալը՝ ընդգծելով, որ վերջին տարիներուն ՆԱԹՕի կողմէ Հայաստանի գիտական ոլորտին մէջ գործադրուած 30-40 նախագիծերուն յատկացուած ընդանուր գումարի չափը կազմած է 3-4 միլիոն եուրօ: