ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ կայացած հանդիպումի մը ընթացքին, ՀՀ վարչապետ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, թէ ինք համամիտ է, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը մասնակցի բանակցութիւններուն:
Վարչապետը ըսաւ. «Չի եղել դէպք, որ Հայաստանում որեւէ մէկն ասի, թէ դէմ է, որ Լեռնային Ղարաբաղը լինի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային կողմ», աւելցնելով, որ ինք եւս համամիտ է, որ Ղարաբաղը ներգրաւուի բանակցութիւններուն: