ԿԼԵԷՆՏԷՅԼ.- Կլէնտէյլ-Կապան քոյր քաղաքներու ընկերակցութիւնը (ԿԿՔՔԸ) յայտարարեց իր նոր կայքէջի կազմութիւնը, որ մեծապէս զարկ պիտի տայ երկու քաղաքներու միջեւ մշակութային փոխանակութեան եւ առհասարակ յարաբերութեանց զարգացման ու ամրապնդման: Նոր կայքէջի հասցէն է.- www.glendale-ghapan.org.
«Կայքէջը պիտի ծառայէ, որ երկու համայնքները մօտէն ծանօթանան ընկերակցութեան գործունէութեան, ինչպէս նաեւ ամրապնդուին մշակութային յարաբերութիւնները», ըսաւ ԿԿՔՔԸի վարչութեան անդամ Արփի Անտոնեան, աւելցնելով՝ «Կլէնտէյլ-Կապան քոյր քաղաքներու ընկերակցութեան անունով խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ալեք Պաղտասարեանին եւ Information Integration Group, Inc.-ին, կայքէջի կազմութեան ուղղութեամբ իրենց սքանչելի աշխատանքին համար»:
Նոր կայքէջը, որ կը հրապարակուի ընկերակցութեան հիմնադրութեան հինգերորդ տարեդարձէն ամիս մը առաջ, իր այցելուներուն առիթ կ’ընձեռէ ծանօթանալու ընկերակցութեան անցեալի իրագործումներուն, ներկայ ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ կարելիութիւն կը ստեղծէ նուիրատուութիւն կատարելու եւ հետեւելու ընկերակցութեան մամլոյ հաղորդագրութիւններուն: Կայքէջի այցելուները նաեւ տեղեկութիւններ պիտի գտնեն Կլէնտէյլ եւ Կապան քաղաքներու մասին, ինչպէս նաեւ հիմնական կապի տուեալներ:
Այցելեցէք այսօր www.glendale-ghapan.org եւ տեղեկութիւններ քաղեցէք Կլէնտէյլ-Կապան քոյր քաղաքներու ընկերակցութեան գործունէութեան մասին:
ԿԿՔՔԸը ոչ հասութաբեր կազմակերպութիւն է, որ կը նպատակադրէ Կլէնտէյլի եւ Կապանի համայնքերուն միջեւ զարկ տալ բարի կամեցողութեան եւ հասկացութեան՝ մշակութային, կրթական, տնտեսական եւ այլ բնագաւառներու միջոցով: ԿԿՔՔԸը հիմնուած էր Կլէնտէյլի Հայ Դատի Յանձնախումբի, Կլէնտէյլի քաղաքապետութեան, եւ Կապանի քաղաքապետութեան միացեալ ջանքերով, երկու քաղաքներու տնտեսական գործակցութեան եւ մշակութային փոխանակման զարկ տալու նպատակով: