ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 13ին, պաղեստինեան «Համաս» շարժումը յայտնեց, որ պաղեստինեան իշխանութեան նախկին նախագահ Եասէր Արաֆաթի մահուան երրորդ տարելիցը նշող հաւաքի մը ընթացքին եօթը զոհ պատճառած զինեալ բախումներէն մէկ օր ետք, Կազայի մէջ «Ֆաթհ» շարժումի տասնեակ մը գործիչներ ձերբակալած է։
Իրենց կարգին՝ «Ֆաթհ» շարժումի պաշտօնատարներ յայտարարեցին, որ շարժումին համակիրներէն 400 հոգի ձերբակալուած է եւ տասնեակներով ուրիշներ հարցաքննութեան կանչուած։
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս հաւաքի ընթացքին «Համաս»ի վարուելակերպը նմանցուցած է «իսրայէլեան բռնագրաւումին ոճիրներուն»։ Ան ի յարգանս զոհերուն եռօրեայ սուգ յայտարարած է եւ հրամայած, որ «Ֆաթհ» շարժումին վերահսկողութեան տակ եղող Արեւմտեան Ափի տարածքին դրօշակները կէս բարձրանան։
«Համաս»ի ապահովական ուժերու բանբեր Իսլամ Շահուան յայտնեց, որ հաւաքէն ի վեր «Ֆաթհ»ի 50 անդամ ձերբակալուած է։ «Անոնք հաւաքը ծրագրողներն ու կազմակերպողներն են եւ տեղի ունեցած քաոսին պատասխանատու կը նկատուին», նշեց Շահուան։
Աւելի քան երկու հարիւր հազար հոգի մասնակցեցաւ Երկուշաբթի օրուան հաւաքին, որ Կազան «Համաս»ի հակակշռին տակ մնալէն ի վեր «Ֆաթհ» շարժումի ուժի մեծագոյն ցուցադրութիւնը նկատուեցաւ:
Միւս կողմէ, Չորեքշաբթի օր իսրայէլացի զինուոր մը վիրաւորուեցաւ Կազայի սահմանին վրայ, արձակազէնի մը փամփուշտով:
Նկարին մէջ, Կազայի ցոյցէն տեսարան մը: