ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Նոյեմբեր 15ին ԱԺը աւարտեց 2008ի պետական ամավարկի նախագիծի նախնական տարբերակի քննարկումը: Միտքերու փոխանակման աւարտէն յետոյ, համաձայն ԱԺի կանոնակարգ-օրէնքի, քննարկումը ընդմիջուեցաւ առնուազն 4 օրով:
Յառաջիկայ 24 ժամուան ընթացքին, պատգամաւորները, խմբակցութիւնները, յանձնաժողովները իրենց առաջարկները պաշտօնապէս պէտք է ներկայացնեն կառավարութեան: Քննարկումը վերսկսելէ յետոյ կառավարութիւնը ԱԺի հաստատման կը ներկայացնէ իրեն համար ընդունելի առաջարկներու հիման վրայ մշակուած նախագիծի վերջնական տարբերակը:
Ըստ ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան նախարար Վարդան Խաչատրեանի, յանձնաժողովներու խառն նիստերու քննարկումներէ ետք, կառավարութիւնը արդէն իսկ ստացած է 312 առաջարկ: