ՌԱՄԱԼԼԱ, «Ռոյթըրզ».- Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 15ին ունեցած ելոյթի մը ընթացքին կոչ ըրաւ պաղեստինցիներուն, որ տապալեն զէնքի ուժով Կազայի մէջ իշխանութեան տիրացած «Համաս» կազմակերպութեան վարչակարգը, առաջին անգամ ըլլալով «Համաս»ի կառավարութիւնը տապալելու հանրային կոչ մը ընելով:
Ապպաս արդէն իսկ ապօրինի կը նկատէ «Համաս»ի կառավարութիւնը, սակայն նախապէս կը պնդէր, թէ պատրաստ է անոր հետ բանակցելու, եթէ կազմակերպութիւնը ներողութիւն խնդրէ Կազայի մէջ իր արարքներուն համար ու շրջանին ղեկը վերադարձնէ պաղեստինեան իշխանութեան:
Յայտնենք, թէ Կազայի մէջ «Ֆաթհ»ի համակիրներու կազմակերպած ցոյցի մը ընթացքին ութը քաղաքայիններ սպաննուեցան Երկուշաբթի օր: «Համաս» Կազայի մէջ նաեւ ձերբակալած է «Ֆաթհ»ի անդամ կամ համակիր մօտաւորապէս 400 պաղեստինցիներ: