14 Նոյեմբեր 2007ին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, ընկերակցութեամբ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուտիկ Հիւսնունցի, ընկերային սպասարկութիւններու նախարար Նարինէ Ազատեանի եւ ԱՄՆի մէջ Արցախի լիազօր ներկայացուցիչ Վարդան Բարսեղեանի, այցելեցին ՀՕՄի Կեդրոնական գրասենեակ, Ուոթըրթաուն եւ հանդիպում ունեցան Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչին ու պատասխանատուներուն հետ։
ՀՕՄի ներկայացուցիչները նախագահին եւ անոր ընկերացող պատուիրակութեան ներկայացուցին միութեան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կատարած աշխատանքներու մասին ամփոփ զեկոյց մը։ Անոնք ծանրացան ՀՕՄի Արցախի «Սօսէ» մանկապարտէզներուն վրայ եւ վիճակագրական տուեալներ փոխանցեցին 12 մանկապարտէզներու ֆինանսական իրավիճակի, աշակերտութեան եւ անձնակազմի թիւի մասին։
Նախագահն ու պատուիրակութեան անդամները գնահատանքով անդրադարձան ՀՕՄի աշխատանքներուն։ Նախագահը քանի մը առիթով ընդգծեց Արցախի մէջ իրագործուող ծրագիրները պետական իշխանութիւններուն հետ համադրելու անհրաժեշտութիւնը։ Ան յայտնեց, որ Արցախի իշխանութիւնները կը գործեն «լինենք միասին» նշանաբանով եւ իրենց դուռները բաց են բոլորին դիմաց՝ ճիգերը համադրելու եւ նպատակաուղղուած ձեւով աշխատելու, բարելաւելու համար Արցախի մէջ ապրող հայ մարդու կենսամակարդակն ու ընկերային եւ տնտեսական պայմանները։ Նախագահը Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը հրաւիրեց Արցախի մէջ հանրութեան հաշուետուութիւն մը ներկայացնելու Սփիւռքի, Հայաստանի թէ Արցախի մէջ տարած իր աշխատանքներուն մասին։
Հանդիպման աւարտին ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Մայտա Մելքոնեան յուշանուէր մը յանձնեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին, որ իր կարգին հետեւեալ տողերը արձանագրեց ՀՕՄի Կեդրոնական գրասենեակի այցելուներու մատեանին մէջ.- «Արցախի ժողովուրդը բարձր է գնահատում Սփիւռքի մասնակցութիւնը եւ մենք շահագրգռուած ենք մեր յարաբերութիւնները խորացնելու եւ զարգացնելու յանուն մեր ընդհանուր նպատակի»։