ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Մ. Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախկին խօսնակ Տենիս Հեսթըրթ (Հ., Իլլինոյ) պիտի հրաժարի, իր պաշտօնավարումի աւարտէն 15 ամիս առաջ, վերջ տալով Քոնկրէսէն ներս իր 21 տարուան ասպարէզին, ըսին Հանրապետական կուսակցութեան աղբիւրներ երէկ:
Հեսթըրթ անցնող Օգոստոսին յայտարարած էր, թէ վերընտրութեան համար իր թեկնածութիւնը պիտի չդնէ 2008ին, սակայն աւելցուցած էր, թէ պիտի աւարտէ իր ներկայ պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը, որ կ’աւարտի 2009ի Յունուարին: Նոյն աղբիւրները ոչինչ ըսին Հեսթըրթի հրաժարումին տուն տուող պատճառներուն մասին:
Նշենք, որ Հեսթըրթ Ներկայացուցիչներու տան խօսնակն էր 2000 թուականին, երբ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը հասաւ օրակարգի վրայ, սակայն մետասաներորդ պահուն, ան քաշեց բանաձեւը օրակարգէն, հիմնուելով նախագահ Պիլ Քլինթընի կողմէ յղուած նամակի մը վրայ: Փաստօրէն սակայն, յաջորդող տարիներուն, ամերիկահայութիւնը արդարացի ճնշում բանեցուց Հեսթըրթի վրայ, որպէսզի բանաձեւը դարձեալ դնէ օրակարգի վրայ, սակայն Իլլինոյի ներկայացուցիչը յամառօրէն անտեսեց ամերիկահայութեան եւ բազմաթիւ քոնկրէսականներու պահանջները: