ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 15ի յետմիջօրէին Լիբանան ժամանեց, ուր ան այսօր հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներու հետ, նախագահական ընտրութեանց տագնապին գծով լուծում մը գտնելու նպատակով: Պան Քի Մուն յայտարարեց, որ իր այցելութեան նպատակը պիտի ըլլայ լիբանանցի ղեկավարներուն միջեւ լարուածութիւնը փարատել՝ ապահովելու համար Լիբանանի գերագոյն շահերը։
Ան պիտի այցելէ նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՄԱԿի խաղաղապահ ուժերուն դիրքերը։ Կը նախատեսուի, որ ան Ուրբաթ օր աւարտէ իր այցելութիւնը:
Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Մասիմօ Տալեմա եւս Ուրբաթ օր պիտի այցելէ Լիբանան, ուր երկու օրերու ընթացքին հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներու հետ, դարձեալ նախագահական ընտրութեան զարգացումները քննելու համար:
Քի Մուն ըսաւ, թէ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարները իրենց կուսակցական եւ անձնական հաշիւները պէտք է մէկ կողմ դնեն, որպէսզի կարենան Լիբանանի գերագոյն շահերը ապահովել։ Ան աւելցուց, որ միջազգային ընտանիքը կը զօրակցի Լիբանանի շահերուն։
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշնէրի յատուկ պատուիրակ Ժան Քլոտ Քուսրան Չորեքշաբթի օր հանդիպումներ ունեցաւ մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքին, խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի, իշխող «Մուսթաքպալ» հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրիի ու «Հըզպալլա»ն ներկայացնող պատուիրակութեան մը հետ, շարունակելով Քուշնէրի սկսած խորհրդակցութիւնները:
Նաեւ, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ու այլ պաշտօնատարներու հետ, քննելով յատկապէս Լիբանանի նախագահական ընտրութեան կապուած զարգացումները։