ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Քոչարեան Նոյեմբեր 15ին ընդունեց «Եւրասիա» հիմնադրամի նախագահ Հորթըն Պիպի-Սենթրը, Եւրասիա գործակցութեան հիմնադրամի նախագահ Ճորճի Զարուպինը եւ գործակցութիւն հիմնադրամի հայաստանեան ներկայացուցիչ Գէորգ Տէր Աբրահամեանը:
«Եւրասիա» հիմնադրամի նախագահը նախագահ Քոչարեանին տեղեկացուց Եւրասիա գործակցութիւն հիմնադրամի գործունէութեան մեկնարկի մասին, որ կը հանդիսանայ «Եւրասիա» հիմնադրամի իրաւայաջորդը:
Հանդիպման ընթացքին նախագահ Քոչարեան ողջունեց հիմնադրամի նպատակները եւ գործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց՝ շեշտելով, որ արդէն իսկ կայ գործակցութեան արդիւնաւէտ փորձ եւ «Եւրասիա» հիմնադրամի գործադրած բազմաբնոյթ ծրագիրները անոնց վկայութիւնն են:
Զրուցակիցները խօսեցան նաեւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական գործընթացքներուն մասին, նշելով, որ ժողովրդավարութիւնը կ’ենթադրէ հետեւողական, համբերատար աշխատանք եւ քաղաքական մշակոյթի ձեւաւորում: