ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Եւրոտեսիլ-2008» երգի միջազգային մրցոյթին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Սիրուշոն:
Սիրուշոյի թեկնածութիւնը Նոյեմբեր 14ին հաստատուած է Հայաստանի Հանրային հեռատեսիլի ընկերութեան գեղարուեստական խորհուրդի կողմէ: Ներկայացուելիք երգը պիտի որոշուի դիտողներու քուէարկութեամբ, Մարտ 17ին:
«Եւրոտեսիլ»ի նոր կանոններով, մասնակից երկիրներէն միայն մրցոյթի հիմնադիր 4 պետութիւնները եւ նախորդ տարուան յաղթող երկիրը կրնան անմիջապէս մասնակցիլ եզրափակիչ փուլին: Մնացեալ երկիրներու ներկայացուցիչները եզրափակիչ փուլ կ’անցնին կիսաեզրափակիչ փուլէն յետոյ:
Նշենք, որ 2008ին Հայաստան երրորդ անգամ ըլլալով պիտի մասնակցի մրցոյթին: 2006ին Հայաստանը ներկայացուցած է Անդրէն, իսկ 2007ին՝ Հայկոն: Երկու երգիչներն ալ գրաւած են 8րդ դիրքը: