ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի եւ Արցախի մէջ Նոյեմբեր 14-16ին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէ կազմակերպուած հեռաձայնային թելեթոնի արդիւնքներով, արդէն հանգանակուած է 22.83 միլիոն դրամ:
Ըստ հիմնադրամի տեղեկատուութեան, աշխատակիցներու եւ կամաւորներու կողմէ հեռաձայնային կապ հաստատուած է մօտ 2000 հաստատութիւններու հետ: