Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 7ին, 2007 պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հ.Բ.Ը.Մ. «Մանուկեան-Տէմիրճեան» վարժարան, հանդիպում ունենալու երկրորդական վարժարանի տարիք ունեցող ուսանողներուն հետ, կը հաղորդէ առաջնորդարանի Դիւանը Պըրպէնքէն: Սրբազան հայրը դպրոցի փոքր խումբի եւ առաջնորդարանի պաշտօնեաներուն հետ այցելեց մի քանի դասարաններ:
Սրբազանը դասարաններուն տուած կարճ հանդիպումներու ընթացքին հակիրճ խօսքերով եւ զուարթ մթնոլորտի մէջ ուսանողներուն խօսեցաւ կրօնական նիւթերու շուրջ եւ առիթ ընծայեց, որ անոնք ալ մասնակցէին կրօնական եւ իմաստասիրական հարցեր բովանդակող միտքերուն: Սրբազան հօր եւ ուսանողներուն միջեւ տեղի ունեցած երկկողմանի արտայայտութիւնները դաստիարակչական եւ օգտակար էին անոնց համար:
Ուրիշ դասարանի մը մէջ սրբազան հայրը պարզ բառերով ուսանողներուն բացատրեց, որ ագահութիւնը արմատն էր բոլոր չարութիւններուն եւ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող հարցերուն, եւ թէ ագահութիւնը ախտանշանն է մեզ Աստուծմէ հեռանելու: Բարեբեր եւ խաղաղ ազգերը անոնք են, որոնք կը վախնան եւ կը յարգեն զԱստուած:
Տարբեր տեսանկիւնէ դիտելով, սրբազան հայրը մեր աղօթքները բաղդատեց ճամբաներու երթեւեկի նշաններուն հետ: Ճամբաներուն նշանները ուղղութիւն կու տան մեզի եւ կ’առաջնորդեն մեզ դէպի մեր ուզած ուղղութեան: Աղօթքներն ալ նոյնպէս ուղղութիւն կու տան մեզի կեանքի այս ճանապարհորդութեան մէջ՝ վերջապէս առաջնորդելով մեզ դէպի այն նպատակակէտը, ուր Աստուած կը փափաքի, որ մենք հասնինք մեր յաւիտենական կեանքին մէջ՝ փոխանակ դեւին հետ զարնուելու եւ կամ թափառելու սխալ ճամբու մէջ, որ վերջ ի վերջոյ մեզ կ’առաջնորդէ դէպի կործանման եւ յաւիտենական դատապարտութեան:
Աւարտին, սրբազան հայրը իր պատգամէն եւ օրհնութեան խօսքէն ետք ուսուցչական կազմին եւ ուսանողներուն փոքրիկ նուէրներ բաժնեց: Իսկ վարժարանին համար շրջանակի մէջ առնուած երկու նկարներ նուիրեց՝ որպէս գնահատութիւն իրենց կատարած կրթական-դաստիարակչական առաքելութեան: