Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ գտնուող Նախիջեւանի մէջ վերջերս մեծ թափ ստացած են ընդդիմադիր լրագրողներու դէմ բռնութիւնները: Այն աստիճան, որ «Ազատութիւն» կայանը Նախիջեւանը կը կոչէ «Ատրպէյճանի Հիւսիսային Քորէան»:
Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7ին, ատրպեճանական ոստիկանութիւնը հարցաքննեց երկու լրագրողներ, մինչ մէկ օր առաջ, երրորդ մը ձերբակալուած էր եւ չորրորդ մը՝ Իլկար Նասիպով («Ազատութիւն» կայանի թղթակից), զրպարտութիւն կատարելու յանցանքով դատապարտուեցաւ:
Նասիպով Դեկտեմբեր 6ին 90 օրուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, «զրպարտութեան» յանցանքով, երբ ան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին իմէյլ մը ղրկած էր, նկարագրելով Նախիջեւանի մէջ իշխանութիւններուն կողմէ լրագրողներուն դէմ գործադրուած բռնութիւնները: Նասիպովի կինը կ’ըսէ, թէ տեղեակ չէ, թէ ուր կը գտնուի իր ամուսինը: Նասիպովա, որ լրագրող է իր կարգին, ընդդիմադիր «Ազատլիք» թերթի լրագրող Մոհամմէտ Ռզայեւի հետ հարցաքննուած էր մէկ օր առաջ:
Չորրորդ լրագրող մը, Էլման Ապպասով, կը մնայ արգելափակուած. ոստիկանութիւնը խուժեց իր տունը, բռնագրաւելով իր համակարգիչը եւ ձերբակալելով զինք:
Այս տարուան ընթացքին, մամլոյ ազատութեանց հետեւող միջազգային կազմակերպութիւններ խստօրէն քննադատած են Ատրպէյճանը՝ ընդդիմադիր լրագրողներ հալածելու եւ զանոնք ձերակալելու յանցանքներուն համար:
Նասիպով 10րդ բանտարկուած լրագրողն է Ատրպէյճանի մէջ:
Նիւ Եորք հաստատուած Լրագրողներու պաշտպան յանձնախումբը Ատրպէյճանը կոչած է «Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ լրագրողներ բանտարկող առաջատար երկիրը»: Իսկ Փարիզ հաստատուած Լրագրողներ առանց սահմանի կազմակերպութիւնը Նասիպովի բանտարկութիւնը որակեց «ծայր աստիճան ապօրինի»:
Բազմաթիւ լրագրողներ Նախիջեւանը կը նկատեն տարածաշրջան մը, ուր ոչ մէկ օրէնք գոյութիւն ունի եւ ոչ մէկ իրաւունք կը յարգուի հոն: «Ազատութիւն» կայանի բնութագրումով, շրջանը կը կառավարուի ճորտատիրական ոճով՝ Իլհամ Ալիեւի մտերիմը նկատուող Վասիֆ Թալիպովի կողմէ: Իսկ նոյնինքն ատրպէյճանցիները Նախիջեւանը կը նկատեն «Ատրպէյճանի Հիւսիսային Քորէան»: