ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրք պաշտօնատարներ Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 10ին հաղորդեցին, թէ մէկ օր առաջ Թուրքիոյ ջուրերուն մէջ ընկղմած նաւուն մէջ գտնուող մօտաւորապէս 85 ապօրինի գաղթականներէն 51ը խեղդամահ եղած է, մինչ վեց ուրիշներ կարելի եղած է փրկել: Նաւը Շաբաթէն Կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին ճամբայ ելած էր, եւրոպական նաւահանգիստ մը հասցնելու համար իրաքցի, սոմալցի եւ պաղեստինցի գաղթականներ: