ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Grand Holding ընկերութիւնը Երեւանի մէջ նոր՝ թուղթի արտադրութեան գործարան հիմնեց, որու բացումը կատարուեցաւ պաշտօնապէս:
Չինաստանէն ձեռք բերուած սարքաւորումներով օժտուած գործարանի բացման արարողութեան ներկայ էին վարչապետ Սերժ Սարգսեան, օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներ, գործարարներ, օտար հիւրեր: Արտադրամասի բացման խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը կտրեցին առեւտուրի եւ տնտեսական զարգացման նախարար Ներսէս Երիցեան եւ ԱԺ պատգամաւոր, Grand Holding ընկերութեան հիմնադիրներէն Միքայէլ Վարդանեան:
Թուղթի արտադրութեան նախագիծի ամբողջական իրագործման համար ներդրուած է մօտ երեք միլիոն տոլար: Գործարանը կ’արտադրէ թուղթ եւ ստուարաթուղթ: