Ֆրանսական մամլոյ գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Երկուշաբթի օր, անցնող Յունուարին Թուրքիոյ մէջ սպաննուած լրագրող Հրանդ Տինքի շնորհուած է «Համաշխարհային մամլոյ հերոս» կոչումը՝ Միջազգային մամլոյ հիմնարկին կողմէ:
Հիմնարկի տնօրէն Եոհան Ֆրից ըսաւ. «Հրանդ Տինքին այս մրցանակը շնորհելը յարգանքի տուրք մըն է իր քաջութեան, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութեան ի խնդիր իր բերած նպաստին»:
Մրցանակը Տինքի այրիին՝ Ռաքել Տինքի փոխանցելու ընթացքին, Ֆրից յայտարարեց. «Հրանդ Տինքի սպանութիւնը Թուրքիան զրկեց իր ամէնէն քաջ եւ անկախ ձայներէն մէկէն եւ Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութեան համար առհասարակ՝ ահաւոր դէպք մը»:
Ֆրից աւելցուց՝ կոչ ուղղելով համաշխարհային հանրութեան, որ նման ոճիրներ գործադրողները անպայման պէտք է արդարութեան յանձնուին:
2007ին, սպաննուած են 91 լրագրողներ, աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ: