ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 10ին, Լիբանանի կառավարութեան ընդդիմադիր «Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում» համախմբումի ղեկավար՝ երեսփոխան զօր. Միշէլ Աուն Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 10ին յայտարարեց, թէ նախագահ ընտրելու համար ծրագրուած խորհրդարանական ութերորդ նիստը եւս շատ հաւանաբար պիտի յետաձգուի, որովհետեւ կողմերը ցարդ չեն համաձայնած լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Միշէլ Սլէյմանը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու հարկաւոր սահմանադրական փոփոխութեան ընթացքին շուրջ:
Խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի կը յուսար Երեքշաբթի օր գումարել ժողովը, սակայն փաստօրէն տարակարծութիւնները այնքան խոր են, որ Աուն նոյնիսկ մտահոգութիւն յայտնեց, որ նախագահը կրնայ մինչեւ տարեվերջ չընտրուիլ:
Իր ինքնութիւնը բացայայտել չուզող իշխանամէտ ուժերէն պաշտօնատար մը եւս յայտնեց, թէ հակառակ արձանագրուած որոշ յառաջխաղացքին, Երեքշաբթի օր նախագահական ընտրութեան նիստ կարելի պիտի չըլլայ գումարել:
Իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր կողմերուն միջեւ անցեալ շաբաթ միջնորդական առաքելութեան մը համար Լիբանան այցելած Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշնէր եւս Երկուշաբթի օր յայտնեց, որ «զօր. Սլէյմանը վաղը նախագահ ընտրելուն դիմաց դժուարութիւններ գոյութիւն ունին»։
Ըստ տեղական աղբիւրներու, ընդդիմութիւնը կը պահանջէ, որ սահմանադրական փոփոխութիւնը տեղի ունենայ առանց կառավարութեան միջամտութեան, որովհետեւ ընդդիմութիւնը ապօրինի կը նկատէ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կառավարութիւնը:
Սակայն, Երկուշաբթի օր Սէուտական Արաբիա մեկնած իշխող «Մուսթաքպալ» հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրի յայտարարեց, թէ ընդդիմութեան պահանջը հակասահմանադրական է: «Երկիրը փրկելու համար սահմանադրական փոփոխութեան մը համաձայն ենք, սակայն կը մերժենք սահմանադրութիւնը խախտել», յայտարարեց ան:
Աուն նաեւ դէմ է Հարիրին յաջորդ վարչապետը դարձնելու իշխանամէտ ուժերու պահանջին: