ԻՍԼԱՄԱՊԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Ապահովական աղբիւրներ յայտարարեցին, որ Փաքիստանի հիւսիսարեւմուտքը գտնուող անցարգելի մը դէմ անձնասպանական գործողութեան մը պատճառով եօթը հոգի, ներառեալ երկու մանուկներ, սպաննուած են։
Սուաթ ձորին մէջ տեղի ունեցած յարձակումէն մէկ օր առաջ փաքիստանեան բանակը յայտնած էր, որ շրջանը գրեթէ մաքրած է թալեպանամէտ կրօնաւոր Մաուլանա Ֆազուլլայի հաւատարիմ զինեալներէն։
Բանակը նշած էր, որ իր զինուորները լեռներուն վրայ քանի մը հարիւր զինեալներ կը հետապնդեն։ Կը հաղորդուի, որ երկու շաբաթ առաջ փաքիստանեան բանակի շղթայազերծած հակայարձակողականին ընթացքին շուրջ երեք հարիւր զինեալ սպաննուած է։
Պաշտօնատարներ յայտարարեցին, որ Կիրակի օր տեղի ունեցած յարձակումին ընթացքին անձ մը ականուած ինքնաշարժով խուժած է ոստիկանութեան դիրքին վրայ։
Մաուլանա Ֆազուլլայի հաւատարիմ ուժերը, որոնց կ՚ընկերակցին օտար զինեալներ, շարք մը փոքր քաղաքներ եւ գիւղեր իրենց հակակշռին տակ առած էին եւ կը փորձէին իսլամական օրէնքը խիստ կերպով կիրարկել։ Իշխանութիւնները անցեալ շաբթուան ընթացքին կրցած են վերագրաւել անոնցմէ քանի մը հատը: