ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Մէկ շաբթուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով Լիբանան այցելող Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշնէր Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 19ին դժգոհութիւն յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեանց հարցիով ցարդ կարելի չէ եղած համաձայնութիւն գոյացնել, հակառակ այն իրողութեան, որ բոլոր կողմերը խոտացած էին Չորեքշաբթիէն (Նոյեմբեր 21) առաջ թեկնածուի մը շուրջ համաձայնիլ:
Քաղաքական աղբիւրներ նաեւ կը յայտնեն, թէ մինչեւ Չորեքշաբթի օրուան նիստը համաձայնութիւն մը անհաւանական կը թուի:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա եւս Երկուշաբթի օր երեկոյեան Պէյրութ ժամանեց, նպաստելու համար Լիբանանի նախագահական ընտրութեան շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացնելու աշխատանքներուն:
Յայտնենք, թէ Կիրակի օր Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայս այս հարցով հեռաձայնային խօսակցութիւն մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրիի հետ:
Նկարին մէջ, Քուշնէր եւ «Մուսթաքպալ» հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրի, Երկուշաբթի օրուան հանդիպումէն ետք: