ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մարզական եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան յատուկ յանձնաժողովը, զոր կը գլխաւորէ փոխնախարար Սամուէլ Խաչատրեան, Դեկտեմբեր 6ին սկսաւ մարզաձեւերու հեռանկարային ծրագիրներու ունկնդրութիւններու:
Յանձնաժողովի առաջին նիստին լսուեցան աթլէթի, լողի եւ ճատրակի ծրագիրները, զորս ներկայացուցին նախարարութեան աթլէթի պետական մարզիչ Նարինէ Շահբազեան, լողի ընկերակցութեան նախագահ Իկոր Սաֆարեան եւ Երեւանի ճատարկի կեդրոնական տան տնօրէն Հրաչեայ Թաւադեան: