ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Դեկտեմբեր 12ին Երեւանի Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ, տեղի պիտի ունենայ պետական մրցանակի դափնեկիր, «Կոմիտաս» լարային քառեակի համերգը: Հայ մեծանուն թաւջութակահար Սարգիս Ասլամազեանի 110ամեակին նուիրուած համերգին պիտի մեկնաբանուին Կոմիտասի, Ասլամազեանի եւ Շոսթաքովիչի ստեղծագործութիւններէն:
Համերգի աւարտին քառեակի անդամ Է. Թադեւոսեանի ծննդեան 60ամեակի առիթով, ինչպէս նաեւ հայ երաժշտական արուեստին մէջ ունեցած մեծ վաստակի համար, պիտի պարգեւատրուի մշակոյթի նախարարութեան ոսկեայ շքանշանով: Նման շքանշաններով պիտի պարգեւատրուին նաեւ քառեակի մենակատարներ Ալեքսանդր Կոսեմեան, Արամ Թալալեան եւ Սուրէն Հախնազարեան: