ՔԱՆՏԱՀԱՐ, «Ռոյթըրզ».- Աֆղան պաշտօնատարներ յայտարարեցին, որ Աֆղանիստանի հարաւարեւմտեան Նիմրոզ նահանգի կառավարիչ Ղուլամ Տասթակիրի դէմ կատարուած անձնասպանական գործողութեան մը հետեւանքով սպաննուած են անոր որդին եւ վեց թիկնապահներ։ Կառավարիչը կ՚ուղղուէր դէպի իր գրասենեակը, երբ յարձակումի ենթարկուած էր։ Ան անվնաս խուսափած է յարձակումէն։ «Թալեպան» շարժումը յայտարարեց, թէ իր զինեալներէն մէկը իրագործած է յարձակումը, որուն ընթացքին առնուազն 15 հոգի վիրաւորուած է։
Նահանգային ոստիկանապետ Մուհամմատ Տաուտ Ասքարեար յայտնեց, որ վիրաւորներէն չորսը քաղաքայիններ էին։ Ան աւելցուց, թէ «յարձակումին նպատակը նահանգին մէջ վախի մթնոլորտ ստեղծելն էր»։
«Թալեպան» շարժումի յայտարարութեան համաձայն, պայթումին հետեւանքով «սպաննուած կամ վիրաւորուած են 30 ոստիկաններ» եւ ոստիկանական հինգ ինքնաշարժներ ջախջախուած են։ Շարժումը շեշտեց, թէ զոհերուն շարքին քաղաքայիններ չկային։
Աֆղանիստանի մէջ բռնարարքները վերջերս աճ արձանագրած են, սակայն Նիմրոզը ցարդ յարաբերաբար խաղաղ շրջան մը կը նկատուէր։ Բռնարարքները յաճախ կը վերագրուին թալեպաններուն։
Միւս կողմէ, Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի մէջ աֆղան զինուորներ յայտնեցին, որ ձախողութեան մատնած են զինուորներ փոխադրող ինքնաշարժի մը դէմ անձնասպանական գործողութիւն մը։ Անծանօթ մը փորձած է բարձրանալ զինուորական փոխադրակառք մը, սակայն զինուորները կասկածած են, որովհետեւ ան զինուորական տարազ չէր կրեր։ Երկու զինուորներ ձերբակալած են զինք եւ կրցած են չէզոքացնել անոր վրայ գտնուող ռումբերը:
Այս տարի Քապուլի մէջ ամենամահացու անձնասպանական գործողութիւններուն թիրախը զինուորական փոխադրակառքերը եղած են: Անոնք պատճառած են աւելի քան 65 զոհ։
Վերջապէս, Երեքշաբթի օր ամերիկեան աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ աֆղան ու ամերիկեան ուժերու միացեալ գործողութեան մը ընթացքին «մեծ թիւով» թալեպաններ սպաննուած են հարաւային Աֆղանիստանի մէջ, սակայն յաւելեալ մանրամասնութիւններ չփոխանցուեցան: