ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երէկ, Նոյեմբեր 20ին երեկոյեան, երկարատեւ հիւանդութենէ ետք իր մահկանացուն կնքեց Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի տնօրէն եւ յայտնի մտաւորական Գառնիկ Անանեան: Ան 73 տարեկան էր:
Գառնիկ Գուրգէնի Անանեան ծնած է 1934ին, Իջեւանի մէջ: 1983-1958ին ուսանած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքին մէջ, 1985-1996ին եղած է բանասիրական բաժանմունքի տնօրէնը, իսկ 2000էն ետք՝ ԵՊՀ լրագրութեան բաժանմունքի տնօրէն:
Գառնիկ Անանեանի յօդուածները եւ աշխատութիւնները տպա-գրուած են «Գրական թերթ», «Աւանկարտ», «Սովետական Հայաստան», «Գարուն», «Հայաստանի Հանրապետութիւն», «Երկիր», «Նորք», «Առաւօտ» թերթերուն եւ պարբերականներուն մէջ: Հեղինակ է 26 գրական, հրապարակախօսական մենագրութիւններու, յօդուածներու, ժողովածուներու: Նաեւ, բանասիրական գիտութիւններու փրոֆեսէօր եւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ էր: