Ռուսիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին ԵԱՀԿի դիտորդական առաքելութեան եզրակացութիւնը խիստ է։ Ընտրութիւնները չէին համապատասխաներ եւրոպական չափանիշներուն։ Անոնց ժողովրդավարութեան հիմունքն ու արդարութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող ԵԱՀԿի դիտորդական առաքելութեան յայտարարութիւնը փաստօրէն ստուեր կը ձգէ Ռուսիա-Եւրոպա յարաբերութիւններուն վրայ։
Միջազգային լրատուամիջոցներուն կողմէ հրատապութեամբ կ՚արծարծուէին նախագահ Փութինէն ուղղակի պատուիրուած կոշտ միջամտութիւնները՝ ընդդիմութեան շարժումը չէզոքացնելու կամ առհասարակ ընդդիմութեան քուէները փոշիացնելու միտումով։ Կը հաստատուի, որ որոշադրիչ եղած են վարչական լծակներու օգտագործումն ու քուէարկութեան գաղտնիացման սկզբունքի բացայայտ խախտումը։ Հեռատեսիլի թէ համակարգիչներու պաստառներէն երկար ատեն չհեռացան ընդդիմադիր շրջանակներու կազմակերպած ցոյցերուն ուժային բիրտ միջամտութիւններու պատկերները։
Փութինի գործունէութեան վստահութեան հանրաքուէի վերածուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն փաստօրէն նժարի վրայ դրուած էր Ռուսիոյ նախագահին հեղինակութեան ամրագրումը։ Հետեւաբար ճիշդ ալ պիտի չըլլար երեւոյթը դիտարկել ու վերլուծել զուտ Ռուսիոյ քաղաքական ուժերու մրցապայքարի ծիրին մէջ։
Այս դիտարկումներուն նպատակը, հարցի արծարծումը միայն Ռուսիոյ սահմաններուն մէջ ամփոփելը չէ։ Մեր քաղաքական ենթագիտակցութեան մէջ մռայլ զուգահեռի մը ուրուագծումի մտավախութիւնը ինքզինք զգալի կը դարձնէ։ Հայաստանեան քաղաքական խճանկարն ու առհասարակ գոյութիւն ունեցող իրավիճակը քաղաքականացուած կարծրատիպերով Ռուսիոյ մանրանկարին տպաւորութիւնը կը կրէ։ Պայմանները ի հարկէ տարբեր են, այսուհանդերձ հիւսիսի առանձնաշնորհեալ ռազմավարական գործընկերոջ պատկանող տարածքին վրայ արձանագրուածը մեզի յուշել կու տայ մանրանկարային նմանակներու ստեղծման կարելիութիւնները կանխարգիլելու անհրաժեշտութիւնը։
Հայաստան բազմազգեան դիտորդական կամ համապատասխան կազմակերպութիւններու ճշդած նշանաձողերը նուաճեց խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որոնց ընթացքին (թէեւ վարչական լծակներու աշխոյժ օգտագործումով) յարգուեցան երեւոյթները։
Փետրուար 2008ին նուաճուած աստիճանաչափէն ոչ միայն նահանջ պէտք չէ արձանագրուի, այլ կանոններու երեւութական յարգումին առընթեր, պէտք է երեւնան նաեւ ըստ էութեան ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտութեան համոզիչ դրսեւորումները։ Հարցը ընտրական հանգրուանէ մը յաջող դուրս գալու մարմաջէն շատ աւելին է եւ հիմնովին ունի քաղաքական ճակատագրորոշ կարեւորութիւն։
Այստեղ է, որ պետական շահերը պէտք է լիովին գերադասուին իշխանութեան տիրանալու ձգտումներէն եւ նախագահական ընտրութիւնները առնուազն քայլ մը դէպի յառաջընթաց արձանագրեն առաւել համապատասխանեցուելով ժողովրդավար չափորոշիչներուն։ Պետական շահերէ մեկնած, այո՛, որովհետեւ մեր պետութիւնը Եւրոպայի քաղաքական կառոյցներուն եւ հաստատութիւններուն համարկուելու քաղաքականութիւնը ճշդած է իր արտաքին քաղաքական վարքագիծի առաջնահերթութիւններուն շարքին։
Բաղձալի տեսութիւն կրնայ նկատուիլ իշխանութեան ձգտումը պետական շահերուն ստորադասելու առաջադրանքը։ Թերեւս աւելի ճիշդ կ՚ըլլայ պետական շահերը գերադասելով իշխանութեան պայքար մղելու կարգախօսը։ Նման սկզբունքի մը լիարժէք յարգումի պարագային է, որ երեւոյթներու կողքին կը յարգուին նաեւ ժողովրդավարական սկզբունքները։ Ըստ էութեան։ Նախագահական ընտրութիւններուն համընդհանուր նման պահուածք մըն է, որ ի տարբերութիւն կովկասեան դրացի պետութիւններուն, Հայաստանը կ՚արձանագրէ մեծ առաւելներ այն կառոյցներուն եւ հաստատութիւններուն մօտ, որոնց հետ համարկումն ու հարեւանութեան գործողութիւններու ծրագիրներուն աշխոյժ մասնակցութիւն ունենալը պետական ճիշդ վարքագիծի վերածուած է մեր պետութեան կողմէ։
Լիարժէք ժողովրդավարութեան ձգտող մեքանիզմներու արդիւնաւէտ աշխատելուն օգտաշատութիւնը աւելին է։ Նման ընթացակարգ մը մեծ երաշխիք կ՚ապահովէ նաեւ քաղաքացիական առողջ հասարակարգի ձեւաւորման աշխատանքին։
Պատրա՞ստ ենք յաջողութեամբ անցընելու Փետրուար 2008ի ժողովրդավարութեան քննութիւնը։